ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԵԿԵՑԻԿ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ծրագիրներու մասնակից ուսանողները։ Նախագահական ապարանքին մէջ Արմէն Սարգսեան մէկտեղուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Ամառնային մասնագիտական փորձառութեան եւ «Երաժշտական Հայաստան» ծրագիրներու մասնակից ուսանողներու հետ, որոնք Երեւան մեկնած են զանազան երկիրներէ։

Ուսանողները Արմէն Սարգսեանին ներկայացուցին Հայաստան այցելութեան նպատակը, բաժնեցին իրենց տպաւորութիւնները, այնուհետեւ զանազան հարցումներ ուղղեցին անոր։ Երիտասարդները մասնաւորապէս հետաքրքրուեցան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններով, ստեղծուած նոր հնարաւորութիւններով, երկրի զարգացման տեսլականով, ինչպէս նաեւ սուրիահայ համայնքի խնդիրներով։

Խօսելով Հայաստանի մէջ կատարուած փոփոխութիւններու մասին՝ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ երկիրը այդ փոփոխութիւններու կարիքն ունէր։ «Շատ կարեւոր է, որ այս երկրին մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ հաւատացած ըլլայ, թէ համակարգը արդար է եւ իր յամառ աշխատանքի, տաղանդի շնորհիւ կրնայ յաջողութեան հասնիլ եւ յաջողելով՝ աւելի լաւ ու բարեկեցիկ դարձնել երկիրը», նշեց նախագահը։

Հանդիպման աւարտին Արմէն Սարգսեան երիտասարդներուն կոչ ուղղեց՝ անկախ իրենց ապրած կամ գտնուած երկրէն, հպարտ ըլլալ իրենց ինքնութեամբ եւ Հայաստանը ունենալ իրենց մտքին եւ հոգիին մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018