«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՄՐՑԱՆԱԿ ՇՆՈՐՀԵՑ ԿՐԵԹԱ ԹՈՒՆՊԵՐԿԻՆ

Լիզպոնի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով շնորհեց «Մարդասիրութեան համար» մրցանակը, որ յանձնուած է շուէտացի 17-ամեայ բնապահպան գործիչ Կրեթա Թունպերկին։ Շրջակայ միջավայրի պահպանման ուղղութեամբ իր «յամառ պայքարին» եւ այդ պայքարին մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու իր կարողութեան համար պարգեւատրուած է ան։ Մրցանակը կը կազմէ գրեթէ մէկ միլիոն եւրօ։ Թունպերկ յայտարարած է, որ ամբողջ գումարը պիտի փոխանցէ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններուն եւ ծրագրերուն։ Ան որոշած է արդէն այդ գումարէն 100 հազար եւրօ տրամադրել «SOS Amazonia» ծրագրին, որ ինչպէս անունէն ալ կարելի է կռահել՝ կը զբաղի Ամազոնի անտառներու պահպանութեամբ եւ կ՚օգնէ շրջանի տեղաբնիկներուն պայքարելու քորոնաժահի համաճարակի դէմ։ 100 հազար եւրոյի յատկացում մըն ալ նախատեսուած է «Stop Ecocide» ծրագրին, որու հիմնադիրները կը ձգտին աշխարհի երկիրներու կողմէ բնութեան հասցուած վնասներուն՝ որպէս ոճիր ճանաչման հասնիլ։

Հարկ է նշել, որ 2018 թուականէն ի վեր Կրեթա Թունպերկ սկսած է նստացոյց կատարել Շուէտի խորհրդարանին մօտ։ Ան յայտարարած էր, որ ուրբաթ օրերը դպրոց պիտի չերթայ՝ այնքան ատեն որ շուէտական իշխանութիւնները չեն սկսիր յարգել կլիմայի հարցերու համաձայնագրին կէտերը։ 2019 թուականին նմանատիպ նստացոյցեր կազմակերպուեցան աշխարհի շարք մը այլ երկիրներու մէջ, իսկ Կրեթա Թունպերկ ելոյթ ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի կլիմայի հարցերու վեհաժողովին ժամանակ։ Համընդհանուր տաքացումի մէջ մարդածին գործօնը շատմեծ է, ուստի Կրեթա Թունպերկին եւ անոր հասակակիցներուն ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ բոլորին։ 2019 թուականի դեկտեմբերին «Time» ամսագիրը զայն ընտրած էր տարուայ անհատականութիւնը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020