ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականին քանի մը անդամները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ծանրաբարձութեան միջազգային առցանց մրցաշարքի:

Էօզպեքիստանի անկախութեան օրը՝ 29 օգոստոսին, տեղի պիտի ունենայ ծանրաբարձութեան միջազգային առցանց մրցաշարք մը, որուն Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն. Անդրանիկ Կարապետեան (87 քկ.), Սամուէլ Գասպարեան (102 քկ.) եւ Վարազդատ Լալայեան (գերծանր կշիռ):

Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Գոռ Մինասեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն, նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց ստացած վնասուածքներէն ցարդ չեն ապաքինած:

Իրաւարարներու յանձնախումբին մէջ նկատի առնուած է նաեւ, միջազգային բարձր կարգի իրաւարար՝ Արայիկ Ալավերտեան:

Առաջին երեք դիրքերը գրաւած մարզիկները պիտի ստանան յաջորդաբար՝ 2500, 1500 եւ 750 ամերիկեան տոլարի պարգեւներ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020