ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԳԻՐՔԸ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, արդէն լոյս կը տեսնէ հայ գրականութեան անփոխարինելի հեղինակութիւններէն Յակոբ Օշականի «Ամբողջական գործեր» քննական բնագրերու առաջին հատորը, որ կ՚ընդգրկէ հեղինակի փոքր ծաւալի ստեղծագործութիւնները՝ քերթուածներ, ի շարս որոնց՝ արձակ բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, հեքիաթներ եւ պատկերներ՝ անհրաժեշտ ծանօթագրութիւններով, բառարանով, անձնանուններու եւ գրականութեան ցանկերով:

832 էջէ բաղկացեալ եւ 400 տպաքանակով մեծադիր հատորին գլխաւոր խմբագիրը եւ յառաջաբանի հեղինակը Սուրէն Դանիէլեանն է, պատասխանատու խմբագիրն է՝ Քնարիկ Աբրահամեան: Հատորը տպագրութեան յանձնուած է Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի գիտական խորհուրդի երաշխաւորութեամբ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020