ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՇԽԱՏԻ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՎԵՐՍԿՍՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա աշխոյժ աշխատանք կը տանի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի շուտափոյթ վերսկսման նպատակով։ Լաւրով նշեց, որ Ռուսաստան այդ գործը կը տեսնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներով, նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին անցեալ ամիս տեղի ունեցած մագլցումը 1994 թուականի հրադադարի մասին համաձայնագրի երկրորդ ու լուրջ խախտումը եղած է։

«Ելակէտային դրդապատճառ է նաեւ աշխարհագրական գործօնը։ Հայկական կողմի որոշումը վերականգնելու սահմանային հին անցակէտերէն մէկը, որ 15 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ատրպէյճանի ուժանիւթակիր խողովակաշարներէն, զգալի անհանգստութիւն յառաջացուցած է մէկու մօտ, իսկ միւսներու մօտ՝ չհիմնաւորուած պատասխան արձագանգ։ Այս բոլորին որպէս հետեւանք՝ հակամարտութեան թէժացման կայծը բռնկեցաւ՝ հաւանական բոլոր անկանխատեսելի հետեւեանքներու սպառնալիքով», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։

Այս պայմաններուն ներքեւ Ռուսաստան առաջին իսկ օրէն աշխոյժ աշխատանք տարաւ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ։ Այդ բոլորին շնորհիւ յուլիսի 16-էն ի վեր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կը տիրէ յարաբերական անդորր։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Մոսկուա։ Օգոստոսի 26-ին, Սերկէյ Լաւրով պիտի հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցը։ Պաշտօնական այցելութեան ընթացքին բանակցութիւններու օրակարգին վրայ պիտի ըլլան երկկողմանի յարաբերութիւնները, տարածքաշրջանային կամ միջազգային բնոյթով այլ խնդիրներ։

Ճէյհուն Պայրամով հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Ռուսաստանի կառավարութենէն եւ խորհրդարանէն ներս։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020