14 ՍԵՒ ՁԱԳՈՒԿ…

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ոսկեճերմակ լապրատոր տասակ շուն մը 14 սեւաթոյր ձագ ունեցած է։ Այսպէս, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ լապրատոր ցեղատեսակի ոսկեճերմակ շունը 14 սեւ ձագ ունեցած է։ Լիւսի անունով երեք տարեկան շունին տէրը՝ Քեթրին Սմիթ երբ ծնած ձագերու քանակն ու գոյնը տեսած է, ապշած է։ Քեթրին Սմիթ յայտնած է, թէ կը կարծէր, որ շունը առաւելագոյնը 5-6 ձագ կ՚ունենայ։ 

«Առաջին չորս հատը 20 վարկեանի մէջ ծնաւ, իսկ յետոյ շարունակեցին լոյս աշխարհ գալ», ըսած է Քեթրին Սմիթ ու աւելցուցած է, որ շաբթական մօտաւորապէս 15 քիլօկրամ սնունդ կու տայ շուներուն։

Միւս կողմէ, շուներէն 13 հատը երեք շաբաթուան ընթացքին արդէն ունեցած են իրենց տէրերը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020