ՅՈՅՍԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄ…

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ե­րե­ւա­նի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք։ Մե­ծա­հան­դէս ու փա­ռա­շուք ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տե­ցին Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը՝ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, երկ­րի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին եւս մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թեան։

Ծան­րա­շուք թա­փօ­րով մը եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան խո­րան, ու ա­նոնք ծնրա­դիր ա­ղօթք բարձ­րա­ցու­ցին առ Աս­տուած՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան խա­ղա­ղու­թեան, ան­սա­սա­նու­թեան եւ բա­րօ­րու­թեան հա­մար։

Իր պատ­գա­մին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յայտ­նեց, որ հա­յոց նո­րա­տունկ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը յոյ­սե­րու մարմ­նա­ցում մըն է։ «Ե­րի­տա­սարդ է մեր պե­տա­կա­նու­թիւ­նը, սա­կայն նաեւ կա­յա­ցած այն­քան, որ­քան պէտք է՝ ա­ռաջ­նոր­դե­լու հա­մար ազ­գա­յին զար­թօն­քի տե­սիլ­քը», ը­սաւ Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոս եւ շեշ­տեց, որ նոր սե­րուն­դը ան­կա­խու­թեան ար­ժէ­քը կը կրէ իր հո­գիին մէջ։

Ա­ւե­լի վերջ, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը դի­տել տուաւ, որ ան­կա­խու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռած է՝ որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դը դրսե­ւո­րէ իր հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը։ Ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րուն սփիւռ­քի սիրտն ալ բա­բա­խած է Հա­յաս­տա­նի հետ։ «Պե­տու­թիւ­նը ա­մուր յե­նա­րան մըն է մեր ազ­գա­յին իղ­ձե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար», ը­սաւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը, որ կանգ ա­ռաւ նաեւ տուեալ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի խնդիր­նե­րուն եւ բաց­թո­ղում­նե­րուն վրայ։ Հա­կա­ռակ այդ բո­լո­րին, պե­տու­թիւ­նը ու­նի այդ բո­լոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու նե­րու­ժը։ Ուս­տի, ան յոր­դո­րեց հա­մախմ­բուիլ, ըլ­լալ օ­րի­նա­սէր, յանձ­նա­ռու եւ պատ­րաս­տա­կամ զո­հո­ղու­թեանց հա­մար։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ միայն հզօր պե­տու­թիւ­նով մը կա­րե­լի է սա­տար հան­դի­սա­նալ սփիւռ­քի հա­յա­պահ­պան­ման ջան­քե­րուն։ «Ե­կե­ղե­ցին պի­տի շա­րու­նա­կէ սա­տար կանգ­նիլ մեր պե­տա­կա­նու­թեան», ը­սաւ ան։

Իր կար­գին, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոսն ալ շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տա­նը հա­յու­թեան նուի­րա­կան տունն է ու պէտք է ա­մէն ինչ ը­նել ա­նոր հզօ­րաց­ման հա­մար։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, ժո­ղո­վուր­դը ստա­ցաւ եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն օրհ­նու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016