ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Ելմտական ու պետական գանձի նախարար Պերաթ Ալպայրաք երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա որդեգրած է նոր յաջողութեան պատմութիւն մը կերտելու նպատակը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարար Ալպայրաք երէկ հրապարակեց նոր տնտեսութեան ծրագիր մը։ Այս առթիւ ան մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի պաշտօնարանին մէջ։ Իր խօսքով, հակառակ համաշխարհային ու տարածքաշրջանային բոլոր տնտեսական դժուարութիւններուն, այս ծրագիրը պիտի ապահովէ, որպէսզի Թուրքիա ամուր քայլերով յառաջանայ դէպի իր որդեգրած բոլոր նպատակները։ «Հաւասարակշռութիւն, փոփոխութիւն եւ կարգապահութիւն» կարգախօսով մշակուած է նոր տնտեսական ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ 2019-2021 թուականներու ժամանակաշրջանը։ Պերաթ Ալպայրաք յիշեցուց, որ սոյն ծրագրի մշակման նպատակով լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններ կատարուած են՝ գործարար աշխարհի, դրամագլուխի շուկայի դերակատարներուն եւ ակադեմական շրջանակներուն հետ։ Նախարարը ընդգծեց, որ առաջին անգամ այս ծաւալով ծրագիր մը կը հրապարակուի։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը յիշեցուց, որ Թուրքիա 2002-2013 ժամանակաշրջանին շատ կարեւոր ոստումներ իրականացուցած է տնտեսութեան բնագաւառին մէջ։ ԱՔ կուսակցութեան կառավարութիւններուն կողմէ արձանագրուած այս յաջողութիւնները թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ միջազգային ընտանիքին կողմէ գնահատուած են։ Ըստ նախարարին, խնդրոյ առարկայ ոստումը ապահովուած է միեւնոյն ժամանակ մասնաւոր հատուածի միջոցաւ։ Հանրային հատուածի ելմտական կարգապահութիւնը դարձած է մշտական եւ հանրային գանձատրումները այլեւս դադրած են խնդրայարոյց ըլլալէ։ Այս գործընթացէն ներս Թուրքիա թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին առումով շատ մեծ փորձութիւններու դէմ յանդիման մնացած է։

Այս բոլորին լոյսին տակ Պերաթ Ալպայրաք նշեց, որ նոր ծրագրի կիզակէտին պիտի գտնուի գնաճի դէմ պայքարը։ Պիւտճէի բացի համախառն ներքին աճին հետ յարաբերակցութիւնն ալ պիտի նուազի։ Պետութիւնը թէ՛ խնայողութիւններ պիտի ընէ եւ թէ միջոցներ ձեռք պիտի առնէ՝ իր եկամուտները բարձրացնելու համար։ Ըստ Ալպայրաքի, երեք ամսուան պարբերութեամբ գործողութիւններու արդիւնքները պիտի ստուգուին։

Պերաթ Ալպայրաք դիտել տուաւ նաեւ, որ տուրքերու վերաբերեալ գործընթացներու պարագային ալ կը նախատեսուին բարելաւումներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2018