ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնն է։ Սեպտեմբերի 21-ին համայն հայութիւնը կ՚ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձը։

Այս առաւօտ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի պետական աւագանին այցելեց Եռաբլուրի պանթէոնը՝ մասնակցութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի։ Բոլորը ծաղիկներ խոնարհեցին այն հերոսներուն համար, որոնք իրենց սխրանքով ու նահատակութեամբ կերտեցին հայոց պետականութեան նոր անկախութիւնը։

Սեպտեմբերի 21-ի առթիւ պետական աւագանիի յառաջատար բոլոր դէմքերը հրապարակեցին շնորհաւորական պատգամներ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առթիւ ըսաւ. «Այն երազանքները, որ ունէինք անկախութեան ձգտելու ժամանակ եւ անկախութիւն հռչակելու ժամանակ իրականութիւն են ի դէմս մեր անկախ պետականութեան։ Սակայն այս ճանապարհը կը շարունակուի։ Մեզի համար՝ որպէս ժողովուրդ ու պետութիւն, շատ բան տակաւին առջեւն է՝ նոր ծրագրեր, նոր նպատակներ, նոր յաղթանակներ»։ Նախագահը շեշտեց, որ հայրենիքի ճակատագիրը կախեալ է բոլորէն եւ իւրաքանչիւրէն՝ պատասխանատու ըլլալու, պատասխանատուութիւն ստանձնելու կարողութենէն, ներքին համերաշխութենէն ու միասնականութենէն, իրարու նկատմամբ բարութենէ եւ հանդուրժողականութենէ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ շնորհաւորականին մէջ մատնանշեց, որ ինքնիշխան ու ազատ պետութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային օրակարգի առանցքն է։ «1991 թուականին մենք չէինք գիտեր, թէ ինչպէս պիտի ըլլայ 2020 թուականի Հայաստանը ու բազմաթիւ առարկայական կամ ենթակայական հանգամանքներու բերումով ժամանակ չտրամադրեցինք այսօրուայ մասին մեր պատկերացումները ձեւակերպելու եւ անոնց իրագործումը ամենօրեայ ընելիք դարձնելու վրայ։ Բայց ժամանակը մեզի անխուսափելիօրէն կը կանգնեցնէ նման խնդրի առջեւ։ Մենք չենք կրնար սպասել 2050 կամ 2100 թուականի գալուն՝ տեսնելու համար, թէ ինչ դարձած է Հայաստանը։ Մենք պիտի ծրագրենք այդ Հայաստանը, զայն պիտի գծագրենք ու կառուցենք այս օրուընէ։ Ըստ այդմ՝ օրուայ բազմաթիւ ու բազմապիսի հարցերու երբեմն յուսահատեցնող ու շփոթեցնող հեղեղէն պէտք է առաջնահերթութիւն տանք անոնց, որոնք մեզ կը կապեն 2050, 2100 թուականի Հայաստանին հետ։ Անկախութեան 100-ամեակը նշելիք  Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի տեսնէ, որ մենք մտածած ենք ո՛չ միայն մեր, այլեւ՝ իր մասին։ Պիտի զգայ մեր գորովանքն ու պատասխանատուութիւնը Հայաստանի ապագայի, այսինքն՝ իր ներկայի նկատմամբ, այդ օրուայ մասին մեր այս օրուան երազանքները պիտի տեսնէ իրագործուած։ Համոզուած եմ՝ մենք ունինք բաւարար կամք, հմտութիւն ու իմաստութիւն մեր ամենօրեայ օրակարգը այսպիսի աշխատանքով լեցնելու եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի յաւիտենութեան համար անսասան կառուցուածքային պայմաններ ապահովելու համար։ Սա մեր սերունդի առանցքային առաքելութիւնն է եւ այդ առաքելութիւնը պիտի իրագործենք միասին», նշուած է վարչապետ Փաշինեանի շնորհաւորականին մէջ։

Իր կարգին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ալ Սեպտեմբերի 21-ի առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ նշեց. «Անկախութեան օրուայ լուսաւոր խորհուրդը հրաւէր է ազգիս զաւակներուն վերարժեւորելու անցած դժուարին ուղին, մնալու հաստատուն՝ ազատ ապրելու եւ արարելու մեր պետականութիւնը շէնացնելու ձգտումի ու նուիրումի մէջ։ Այսօր, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մեզ կը զօրացնեն անկախութեան տարիներու ձեռքբերումներն ու նուաճումները եւ հայրենիքի հանդէպ դրսեւորուած սէրը, որ սխրանք դարձաւ մեր սահմաններուն վրայ, նուիրում՝ կրթօճախներու մէջ արգասաւոր ջանքեր՝ արուեստի, գիտութեան բնագաւառի մէջ։ Յիրաւի, ամբողջ հասարակութեան յանձնառութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կ՚ամրանայ պետականութիւնը,  կը յառաջդիմէ իւրաքանչիւրի ջանք ու աւանդով։  Ամուր պահենք միաբան ու նուիրեալ մեր ընթացքը»։

Նորին Սրբութիւնը առ Աստուած աղօթք բարձրացուց, որպէսզի խաղաղ ու ապահով ըլլայ Հայաստանը եւ զօրացեալ՝ ժողովուրդի սէրն ու պատասխանատուութիւնը պետութեան հանդէպ։ «Թող մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սէրը, ողորմութիւնն ու շնորհները ըլլան մեզի ու բոլորին հետ այսօր եւ միշտ. ամէն», նշուած է Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորականին մէջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020