ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ԿԱՆՉԸ…
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դառնայ 30 տարեկան… Տարեդարձի թիւը թէեւ կլոր է, սակայն, մթնոլորտը շատ հեռու է յոբելեանէ մը։ Հիմնադրութենէն երեք տասնամեակ անց հայոց պետականութիւնը կը դիմագրաւէ մահուկենաց պայքար։ Հայոց նորագոյն անկախութիւնը այնպիսի վիճակի մը մատնուած է, որ առկայ խնդիրները օրհասական համեմատութիւններու կը հասնին, ափսոս։ Կորսուած տարածքներ, բազմահազար նահատակներ, համատարած սուգ, ոտնահարուած սահմաններ, խախտուած ինքնիշխանութիւն, գերիներ, պատանդներ, անվտանգութեան սպառնալիքներ, տարածքային ամբողջականութեան երաշխիքներու պակաս ու մասամբ նորին… Այլ խօսքով, ինչ որ կայ պետութիւնով պայմանաւորուած՝ այսօր հարցականի տակ է։ Այս է պատկերը, որու ֆոնին վրայ իսկապէս արհեստական է ամէն տեսակ յոբելեան, տօնախմբութիւն կամ ձեռնարկ։ Իմաստ չունի ցաւերը բորբոքել, սակայն, սա ամենատխուր տարեդարձի օրն է։
Որքան որ ալ տօնախմբութեան մթնոլորտ մը չըլլայ՝ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի օրը անկարելի է անտեսել։ Ան ունի իր վերանորոգ խորհուրդը, մշտանորոգ իմաստը հայոց պատմութեան երկար հազարամեակներու ամբողջին մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մարմնացումն է՝ ժամանակներու մէջ յարատեւելու հայութեան ճիչին։ Այս տարի, առկայ մեծ հաւաքական ձախողման պայմաններուն ներքեւ, մերօրեայ սերունդները զրկուած պէտք է զգան՝ այս տարուան տարեդարձը տօնախմբելու բարոյական իրաւունքէն։ 30 տարուայ ընթացքին ամբողջ կուտակուածը տակը գացած է 44-օրեայ պատերազմով, անվերադարձ կորուստներով, անշրջադարձելի հետեւանքներով։
Թէ մինչեւ ե՞րբ այսպէս… Արցախի երկրորդ պատերազմը գրաւի տակ առած է հայոց պետականութեան ապագան։ Մինչեւ որ այդ գրաւը չվերնայ, մարդիկ պէտք չէ զգան Սեպտեմբերի 21-ը տօնախմբելու բարոյական իրաւունքը։ Այսօր, պարզապէս, հայ ժողովուրդին տեսակէտէ Եռաբլուրի կանչին նորովի ականջ տալու օրն է։ Անցեալ տարի պատերազմը սկսած էր անկախութեան տարեդարձէն հազիւ 6 օր վերջ։ Ե՞րբ է վերջը։ Հայը, այսօր, միայն պէտք է խնդրէ՝ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական նպատակի ճանապարհին հերոսաբար ինկած բիւրաւոր նահատակներուն, անմեղ զոհերուն բարեխօսութիւնը, որմէ զատ ապաւէն չունի ապագային համար եւ Սեպտեմբերի 21-ը դարձեալ պատուով տօնախմբելու շնորհին, բերկրանքին արժանանալու համար։