ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-պետական քարտուղարի տեղակալ Ճոշուա Հաքի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճոշուա Հաք օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ յատուկ ներկայացուցիչն է։
Նիկոլ Փաշինեան ամերիկացի դիւանագէտին հետ զրուցելու ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ խաղաղութեան օրակարգին եւ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ քննարկումները։ Զրուցակիցները շօշափեցին նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ վարչապետը անդրադարձաւ հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներուն։
Ռուբէն Ռուբինեանն ալ Ճոշուա Հաքին հետ քննարկեց տարածաշրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։
Երեւան այցելութեան ընթացքին Հաքին ընկերացան ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան հարցերու գծով աւագ պատասխանատու Քրիստիան Փրինս։