ԱՆԳԱՐԱ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓԻ ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԺՈՂՈՎԸ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա տեղեկացուց, որ Հարաւային Կովկասի համար ձեւաւորուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը յառաջիկային նախատեսուած է Անգարայի մէջ։ Միջոց մը առաջ Իրանի կողմէ եւս պաշտօնապէս ներկացուած էր, թէ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հաւաք մը պիտի հիւրընկալուի Թուրքիոյ կողմէ՝ «3+3» ձեւաչափին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զախարովա երէկ տեղեկացուց, որ այս հանդիպման յստակ թուականը տակաւին չէ ճշդուած ու երբոր յայտնի դառնայ՝ պիտի հրապարակուի պաշտօնական յայտարարութեամբ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2024