ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆԱԿԵԴՐՈՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց այն տեղական ներկայացուցիչները, որոնք սփիւռքի գլխաւոր յանձնաժողովին կողմէ իրենց համայնքներէն ներս պաշտօնի կոչուած են՝ որպէս տուեալ շրջանի ներկայացուցիչ։ Հարկ է նշել, որ օտարերկեայ շարք մը պետութիւններու սփիւռքի գործերու յանձնակատարները եւս վերջին օրերուն մասնակցեցան Երեւանի մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային հայկական Բ. գագաթաժողովին։ Թէ՛ օտարերկեայ հիւրերը եւ թէ սփիւռքի տեղական յանձնակատարները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին քննարկումներուն։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Մեր նպատակն է՝ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները դարձնել աւելի հաստատութենական եւ պետականակեդրոն»։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի սփիւռքի գծով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան։