«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՄՆ ԱՄՈՒՐ ՁԵՒՈՎ ԿԸ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆ ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ»

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր յայ­տա­րա­րեց, որ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով շատ ա­մուր է գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­չեւ։ Փեն­թա­կո­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին Քար­թըր յայտ­նեց, որ սահ­մա­նա­յին շրջան­նե­րու անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման հա­մար յա­ջող աշ­խա­տանք կը տա­նին թրքա­կան կող­մին հետ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ի­րա­քի մէջ թուրք զի­նուոր­նե­րու գո­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ հարց­ման՝ Քար­թըր մատ­նան­շեց, թէ ով որ կը գտնուի Ի­րա­քի մէջ՝ պէտք է իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը յա­ռաջ տա­նի այդ երկ­րի գե­րիշ­խա­նու­թեան նկատ­մամբ յար­գան­քի հի­ման վրայ։ «Մենք ալ այդ­պէս կ՚ը­նենք», ը­սաւ ան։

Էշ­թըն Քար­թըր, որ ներ­կա­յիս կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Թուր­քիա, յի­շե­ցուց՝ որ ան ՆԱ­ԹՕ-ի զօ­րա­ւոր դաշ­նա­կից­նե­րէն մին է։ Քար­թըր կ՚ակն­կա­լէ Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շը­քի հետ ծա­ւա­լել ման­րա­մասն քննար­կում­նե­ր։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2016