Հայաստան Առաջին Անգամ Կը Մասնակցի Եւրոպայի Հեծելարշաւի Ախոյենութեան
Մասնակցութեամբ 35 երկիրներէ 280 հեծելանւորդներու, երէկ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մերձակայքը գտնուող Սենթ Քանթէն Ան Իվելին քաղաքին մէջ սկսաւ Եւրոպայի հեծելարշաւի ախոյենութիւնը:
Հայաստան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի այս ախոյենութեան:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի ներկայացուցիչը այս ախոյենութեան պիտի ըլլայ 23 տարեկան հեծելանւորդ Մհեր Մկրտչեան:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կէօզալեան անդրադառնալով այս ախոյենութեան՝ ըսաւ. «Նախապէս մասնակցած ենք երիտասարդներու եւ 23 տարեկանէն վար ախոյենութիւններուն: Կը կարծեմ, որ այժմ ժամանակը հասած է, որ մեր ուժերը փորձենք մեծերու, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյենութիւններուն:
«Մեր մասնակիցը՝ Մհեր Մկրտչեան, Հայաստանի 2016 թուականի ախոյեանը ըլլալէ բացի, 2011 թուականին եղած է աշխարհի երիտասարդական ախոյենութեան կրկնակի արծաթէ մետայլակիր: Յոյսով ենք, որ ան լաւ արդիւնք ձեռք ձգէ Ֆրանսայի մէջ»: