Հայաստանի չորս քաղաքներ անդամակցած՝ իւնէսքօ-ի «Ուսումնառող Քաղաքներու Համաշխարհային Ցանց»ին
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովին ջանքերով՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ուսումնառող քաղաքներու համաշխարհային ցանց»ին անդամակցած են Հայաստանի չորս քաղաքներ՝ Սիսիան, Սեւան, Դիլիջան եւ Կիւմրի:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու եւ մասնաւորապէս կրթութեան վերաբերող չորրորդ նպատակի իրականացումը խթանելու եւ այդ ուղղութեամբ ուսումնառող քաղաքներու կերտման լաւագոյն փորձի փոխանակման միջազգային հարթակ ստեղծելու նպատակով՝ 2012 թուականին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ նախաձեռնուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ուսումնառող քաղաքներու համաշխարհային ցանց»ի (UNESCO Global Network of Learning Cities (GNLC)) ստեղծման, որու մեկնարկը, վերջինիս մրցանակին հետ մէկտեղ, տեղի ունեցած է 2015-ի Սեպտեմբերի 28-30 թուականներուն՝ Մեքսիքոյի մէջ կայացած Ուսումնառող քաղաքներու երկրորդ միջազգային գիտաժողովի աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ուսումնառող քաղաքներու համաշխարհային ցանց»ին անդամակցելու ժամանակ քաղաքներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի օգտուելու ցանցին անդամակցող այլ քաղաքներու հետ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան իւրովի հարթակէն: Անդամակցող քաղաքները նաեւ հնարաւորութիւն կը ստանան իրենց թեկնածութիւնները ներկայացնելու երկամեակի կտրուածքով տրուող «Ուսումնառող քաղաք» մրցանակին համար, որ կը շնորհուի ուսումնառող քաղաքի ստեղծման եւ կայացման գործին նշանակալի յառաջընթաց արձանագրած քաղաքներուն:
Բաց աստի, անդամակցութեան հնարաւորութիւն ունին քաղաքային խորհուրդի կամ ընտրուած այլ մարմնի կողմէ կառավարուող, առնուազն 10 հազար բնակիչ ունեցող վարչատարածքային այն միաւորները, որոնք պատրաստ են որդեգրել ցանցի ուղեցուցային երկու փաստաթուղթերու` «Ուսումնառող քաղաքներու կառուցման Փեքինի հռչակագիր»ի եւ «Ուսումնառող քաղաքներու հիմնական յատկանիշներ»ու սկզբունքները եւ որոնց յայտերը կ՚արժանանան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի հաւանութեան:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ուսումնառող քաղաքներու համաշխարհային ցանց»ին անդամակցելու համար յայտ կրնան ներկայացնել ուսումնառութեան գաղափարը խրախուսող եւ վերոնշեալ չափանիշներուն համապատասխանող բոլոր քաղաքները: