Ուքրայնոյ Մէջ նշուեցաւ Հայկական Գրատպութեան 400-Ամեակը
Լվովի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ գիրքը» հանդէսը՝ նուիրուած Ուքրայնոյ մէջ հայկական գրատպութեան 400-ամեակին:
Ներկայացուած գիրքերուն մէջ յատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացուց Ուքրայնոյ հայերու միութեան (ՈՒՀՄ) գիտական աշխատութիւններու ժողովածոն՝ «Հայագիտութեան հրատապ հարցերը» հրատարակութիւնը, որուն մէջ տեղ գտած են ուքրանացի եւ արտասահմանեան գիտնականներու աւելի քան երեսուն հայագիտական աշխատութիւնները:
Ուքրայնոյ հայերու միութեան պատմամշակութային ժառանգութեան հարցերով զբաղող կոմիտէի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան նշեց, որ ժողովածոն հրապարակուած է Ուքրայնոյ մէջ, հայկական գրատպութեան 400-ամեակին առիթով: Ժողովածոն կ՚ընդգրկէ Ուքրայնոյ հայերու միութեան կողմէ ուքրանական գիտական կեդրոններու հետ կազմակերպուած միջազգային գիտական խորհրդաժողովներու նիւթեր:
Ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ Վարդան Դեւրիկեանի «Լվովի հայկական գրատպութիւնը 400 տարեկան է» հրատարակութիւնը, որ ներկայացուց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան: Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ այդ հրատարակութիւնը յատուկ պատրաստուած է Ուքրայնոյ հայկական գրատպութեան 400-ամեակին առիթով եւ նուիրուած է Յովհաննէս Կարամատենցիի տպագրատան պատմութեան եւ այն գիրքերուն, որոնք հրատարակուած են հոն: