Ուրբաթ 17, Յունուար 2025
ԽՈԶԻ ՄԸ ԵՐԻԿԱՄԷՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վիրահատներ աշխարհի վրայ առաջին անգամ անասունի մը գործարաններէն մին յաջողութեամբ փոխադրեցին մարդու մը մարմնին։ Բժշկական մարզի մէջ յեղափոխութեան համազօր իրադարձութիւն մըն է այս մէկը, որու շնորհիւ հարիւր հազարաւոր կեանքեր կրնան փրկուիլ։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիւ Եորքի համալսարանի Լանկոն հիւանդանոցէն ներս վիրահատներ խոզի մը երիկամը փոխադրեցին հիւանդի մը։ Այս վերջնոյն մարմնին մէջ այդ երիկամին շնորհիւ զտուեցան թափօնները եւ անոր դիմադրութեան համակարգին կողմէ չմերժուեցաւ խոզին երիկամը, որ մէզ արտադրելով սկսաւ աշխատիլ ըստ պատշաճի։
Գիտական աշխարհէ ներս տասնամեակներէ ի վեր որոնումներ կը կատարուէին անասուններու գործարանները մարդկային մարմիններու փոխադրելու ուղղութեամբ։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2021