ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Երէկ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ փաստաթուղթ մը ստորագրուեցաւ անվտանգութեան գետնի վրայ համագործակցութեան ուղղութեամբ։ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ Իրանի Ներքին գործոց նախարար Ահմէտ Վահիտի Թեհրանի մէջ ստորագրութիւն դրին այս փաստաթուղթին։ Հարկ է նշել, որ նախարար Սոյլու պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Թեհրան։

Բանակցութիւններէն վերջ Սիւլէյման Սոյլու Թեհրանի մէջ յայտարարեց, որ արդիւնաւէտ քննարկումներ ծաւալուած են եւ երկու երկիրներու համապատասխան նախարարութիւններու մօտեցումները իրարու շատ մօտ են։ Իր խօսքով՝ Անգարա եւ Թեհրան հասարակաց կամք մը կը դրսեւորեն՝ բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարելու ուղղութեամբ՝ ներառեալ ՓՔՔ-ն։ Կողմերը ունին բազմաթիւ աշխատանքային խումբեր։ Երկու երկիրները ի յայտ բերած են իրենց ակնկալութիւնները։ «Այսօր անգամ մը եւս վերահաստատեցինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ մեր վճռակամութիւնը եւ միասնականութիւնը», ըսաւ Սոյլու։

Թեհրանի մէջ նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ քննարկման առարկայ դարձած են Աֆղանիստանի վերջին շրջանի դէպքերը, որոնց հետեւանքով գաղթականաց շարժը վերստին թափ ստացած է։ Անգարա եւ Թեհրան այս խնդրին դէմ տարիներէ ի վեր համատեղ աշխատանք կը տանին։ Այս վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկած են ապօրինի գաղթի վերաբերեալ նիւթերը։ «Սահմանի անվտանգութիւնը Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գլխաւոր նիւթերէն մին է։ Մասնաւորաբար անվտանգութեան պատերու, ֆիզիքական համարկման եւ փորձագիտական համակարգերու պարագային մեր երկխօսները, իրանցի մեր բարեկամները՝ ունին մեր գործը դիւրացնող դիրքորոշում մը, որուն համար շնորհակալ ենք», ըսաւ Սոյլու։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2021