ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով օգնական Քարէն Տոնֆրիտ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը անդրադարձան տարածքաշրջանի առկայ իրավիճակին, նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ խնդիրներուն։ Քարէն Տոնֆրիտ կարեւորեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ ընդգծեց Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը՝ այս ուղղութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։

Միւս կողմէ, Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ալ անդրադարձաւ Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան կը յուսայ, թէ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տրուած վերջին դրական պատգամները չեն մնար միայն որպէս խօսք, այլեւ գործնական գետնի վրայ դրական արդիւնքներ կու տան։ Վերջին շրջանին այս մօտեցումը յաճախ կը հնչէ Ատրպէյճանէն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2021