ՎԱՆՕ ՍԻՐԱԴԵՂԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի նախկին ներքին գործոց նախարարներէն, «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամներէն յայտնի պետական-քաղաքական գործիչ եւ մտաւորական Վանօ Սիրադեղեանի մահուան արձագանգները կը շարունակուին։ Վանօ Սիրադեղեան երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային հետախուզման մէջ կը գտնուէր՝ 1998 թուականի իշխանափոխութենէն վերջ իրեն դէմ յարուցուած քրէական գործերուն բերումով։ Ուստի, իր յուղարկաւորութեան վերաբերեալ իրադարձութիւնները անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Զանազան լրատուամիջոցներ կը յիշեցնեն, որ երկրէն խոյս տալէ վերջ Վանօ Սիրադեղեան արդէն ուրիշ անուն մը կ՚օգտագործէր։ Այս բոլորը բարդութիւններու պատճառ կրնան դառնալ, եթէ Վանօ Սիրադեղեանի մարմինը Հայաստան տեղափոխելու պարագայ մը ըլլայ։ Ընդդիմադիր «Հայ ազգային քոնկրէս»ը կառավարութեան կոչ ուղղած է, որպէսզի Վանօ Սիրադեղեանի մարմինը Հայաստան բերուի ու թաղուի «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ՝ հաշուի առնելով անոր ծանրակշիռ ծառայութիւնները մտաւորական ու պետականաշինութեան գետիններուն վրայ։ Քոնկրէսի առաջնորդին՝ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ Վանօ Սիրադեղեան եղած էր լծակից։

Այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Վանօ Սիրադեղեանի յուղարկաւորութեան կազմակերպութեան նպատակով պիտի ստեղծուի մասնաւոր կառավարական յանձնաժողով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ յանձնաժողովէն ներս պիտի քննարկուին սգոյ արարողութեան վերաբերեալ բոլոր հարցերը։ Մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին՝ Վանօ Սիրադեղեանի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան ժամկէտներու յստականալէն վերջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2021