ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՓՈՒԼԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմանի աշխատանքային խումբի հերթական նիստը։ Փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ ստեղծուած է այս աշխատանքային խումբը, Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ տարածքաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման խնդիրները քննարկելու նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին պատուիրակութիւններու գլուխը գտնուեցան Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ։

Ըստ փոխ-վարչապետ Գրիգորեանի գրասենեակին կողմէ հաղորդուած տուեալներուն, Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եռակողմանի աշխատանքային խումբի 8-րդ նիստի առաջին մասը։ Կողմերը դիտարկեցին Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարները։ Քննարկուեցան Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ 11 յունուար 2021 թուականին հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան շրջանակներէն ներս ձեռնարկուած աշխատանքի ապագայ ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։

Կողմերը պայմանաւորուեցան մօտակայ ժամկէտներուն 8-րդ նիստի երկրորդ մասը իրականացնելու ուղղութեամբ։

Մհեր Գրիգորեան Մոսկուայի բանակցութիւններու ներկայ փուլին ընդառաջ յայտարարար էր, որ կան գործօններ, որոնք ներկայիս կը բարդացնեն ապաշրջափակման գործընթացը։ Այս ամբողջին մէջ ան թուարկած էր գերիներու վերադարձի յապաղումն ու Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի սահմաններու խախտուած ըլլալը։ Մոսկուայի այս վերջին բանակցութիւններուն ընդառաջ Պաքու հինգ ռազմագերի վերադարձուցած էր Երեւանին՝ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2021