ԶԵՆԿԻԼԱՆԻ ՄԷՋ ՕԴԱԿԱՅԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Ատրպէյճան։ 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Ճեպրայիլ քաղաքին մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Էրտողան եւ Ալիեւ այս առթիւ մասնակցեցան զանազան բացման կամ հիմնարկէքի արարողութիւններու։ Ճեպրայիլի մէջ անոնք ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գործադրեցին նախատեսուած ծրագիրը։ Օրուան կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր Զենկիլանի օդակայանի բացումը։

Էրտողան եւ Ալիեւ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ բռնագրաւումէ ազատուած Ատրպէյճանի տարածքներէն ներս վերջին մէկ տարուան ընթացքին արդէն երկրորդ օդակայանը բացուած է։ Իր խօսքով, Ատրպէյճան վեր կը յառնի իր մոխիրներէն։ Էրտողան աւելցուց նաեւ, որ ատրպէյճանցիներ սկսած են վերադառնալ ազատագրուած տարածքները, ինչ որ ուրախութիւն կը պատճառէ իրենց։ Սա մեծ վերադարձի, եղափոխութեան ծրագիր մըն է։ Ջանքեր կը գործադրուին, որպէսզի ենթակառուցուածքներու պակասները ամբողջութեամբ լրացուին։ «Մեր նպատակն է տարածաշրջանի բարգաւաճ ապագան կառուցել», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա պատրաստ է բոլոր ծրագիրներու պարագային ըլլալ Ատրպէյճանի կողքին։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա աշխարհի վրայ կարեւոր ուժի կեդրոն մըն է։ Ալիեւ շեշտեց նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան միասնականութեան կարեւորութիւնը։ Արցախի Բ. պատերազմին եւ անկէ վերջ այդ միութիւնը ա՛լ աւելի ամրապնդուած է։ «Անցեալ տարի Շուշիի հռչակագիրը ստորագրեցինք։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պաշտօնապէս դաշնակից եղան», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ սա տարածաշրջանի եւ աշխարհի համար լուրջ պատգամ մըն է։ «Թուրքիա-Ատրպէյճան միութիւնը տարածաշրջանէ ներս լուրջ գործօն մըն է։ Խաղաղութեան եւ կայունութեան գործօն մըն է։ Եթէ ոմանք մեզի դէմ դարձեալ անարդարութիւն ընել ուզեն, ապա լրջօրէն աչքի առջեւ պէտք է ունենան այս գործօնը», ըսաւ Ալիեւ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2022