ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի նիստը։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետները մասնակցեցան այս ժողովին, որու տանտէրն էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ մի առ մի ողջունեց բոլոր մասնակիցները՝ ներառեալ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը։

Կը հաղորդուի, որ ժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ունեցաւ ելոյթ մը։ «Հարցականի տակ յայտնուած են համաշխարհային տնտեսական համակարգի հիմնարար սկզբունքները», ըսաւ ժողովի ընթացքին Փաշինեան եւ աւելցուց, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը լաւագոյն ժամանակները չ՚ապրիր, արդիւնաբերական կամ լոժիսթիք կապերը, որոնք համավարակէն վերջ նոր կը վերականգնուէին, այժմ նոր ցնցումներու կ՚ենթարկուին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2022