ԻՍՄԱՅԻԼ ՔԱՀՐԱՄԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Ազգային մեծ ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, խորհրդարանի նախագահ վերընտրուեցաւ Իսմայիլ Քահրաման։

Քուէարկութեան առաջին երկու փուլերուն ան չկրցաւ ապահովել անհրաժեշտ քանակութեամբ ձայները։ Երրորդ փուլին Իսմայիլ Քահրաման ստացաւ 289 քուէ ու վերընտրուեցաւ խորհրդարանի նախագահ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017