ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ա­թէնք, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Փրո­քո­փիս Փաւ­լո­փու­լո­սի կող­մէ։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Վի­գէն Սարգ­սեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց եր­կու բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւել աշ­խու­ժաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի եւ Յու­նաս­տա­նի ռազ­մա­կան ու ռազ­մա­թեք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016