ՄՏԵՐՄԱԳՈՅՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այցելութեան յստակ ժամկէտներու մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան։

Ռուսաստանի նախագահ Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ սարքեց իր տարեկան մեծ մամլոյ ասուլիսը։ Փութին երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ այս մամլոյ ասուլիսները եւ երէկուանն ալ եկաւ համալրել այդ շարքը։ Տեղական կամ օտար զանգուածային լրատուութեան միջոցներու բազմատասնեակ հարցումներուն պատասխանեց ռուս ղեկավարը, որ այս առթիւ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն։ Վլատիմիր Փութին Հայաստանը որակեց Ռուսաստանի մտերմագոյն գործընկերը եւ ըսաւ. «Հայաստան մեր ռազմավարական գործընկերն է տարածքաշրջանի եւ աշխարհի մէջ»։

Ասուլիսի ընթացքին Փութինի նկատառման յանձնուեցան Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները եւ ներկայ ամսուան սկիզբին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Թէ Ռուսաստան կը պատրաստուի՞ վերականգնել Հայաստանի հետ քաղաքականութիւնը։ Ի պատասխան այս հարցին Փութին ըսաւ.

«Մենք չունինք որեւէ բան, ի՞նչ քանդուած է, որ վերականգնման կարիք ունենայ։ Հայաստան մեր ռազմավարական գործընկերն է տարածքաշրջանի եւ աշխարհի մէջ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ է։ Մենք պէտք է զարգացնենք այն ինչ որ ունինք»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Փութին միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը Ռուսաստանի մտերմագոյն գործընկերն է Հարաւային Կովկասէ ներս։ «Այդպէս եղած է պատմականօրէն, այդպէս է եւ կը յուսամ՝ այդպէս ալ կ՚ըլլայ։ Մենք պէտք է գործենք՝ հաշուի առնելով ներկայ իրադրութիւնը աշխարհի եւ տարածքաշրջանի մէջ։ Այս հարցերը մօտակայ ժամանակներուս կը քննարկենք Պրն. Փաշինեանի հետ, որ պիտի այցելէ յառաջիկայ շաբաթ», ըսաւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Վլատիմիր Փութին։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասինն ալ վերջին օրերուն արտայայտուեցաւ Հայաստանի շուրջ։ Ան ըսաւ. «Ռուսաստան կը յուսայ, թէ Հայաստան կ՚ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու սպառնալիքին դիմադրելու տղամարդութիւն»։

Կրիկորի Քարասին այս յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ մեկնաբանելով ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին օրակարգի վրայ բերած պահանջներուն անդրադառնալով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018