ՅՍՏԱԿ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ

Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Իրան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը։ Այս առթիւ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մայրաքաղաքի մէջ հիւրընկալեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց իր իրանցի պաշտօնակիցը։ Օրուան տեւողութեան հիւր ղեկավարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակի վրայ։

Երկու նախագահները Անգարայի մէջ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ մասնակցութիւն բերին նաեւ Չանքայայի ապարանքէն ներս կազմակերպուած Թուրքիա-Իրան գործարար խորհուրդի ժողովին։ Հասան Ռուհանիի Անգարա այցելութեան առթիւ Էրտողան յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ ձեռնարկուած պատժամիջոցները կը վտանգեն տարածքաշրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։

Հասան Ռուհանիի այցելութիւնը զուգադիպեցաւ ուշագրաւ ժամկէտի մը։ Արդարեւ, Սուրիոյ տագնապի վերաբերեալ իրադարձութիւնները հետզհետէ աւելի նուրբ հունի մը մէջ կ՚ընթանան, մանաւանդ, որ Անգարա յայտարարած է Եփրատի արեւմուտքին եւս ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկելու մտադրութեան մասին։ Նոյնպէս ներկայիս Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը տեղեկացուցած է, որ այլեւս Սուրիայէն դուրս պիտի բերէ իր զօրքերը։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ համոզուած է, որ ԻՇԻՊ այլեւս պարտութեան մատնուած է եւ Սուրիայէ ներս ամերիկեան զօրքերու գոյութեան հիմնական նպատակն էր ԻՇԻՊ-ի ոչնչացումը։ Հետեւաբար, երբ ամերիկեան կողմը կը պատրաստուի իր զօրքերը դուրս բերել տարածքաշրջանէն, երէկուան Հասան Ռուհանիի այցելութիւնը կարեւոր էր նաեւ այս առումով։ Թուրքիա եւ Իրան ըլլալով տարածքաշրջանի յառաջատար դերակատարներէն՝ այս նոր իրավիճակին մէջ իրենց ծաւալելիք համագործակցութիւնը քննարկելու կարելիութիւն ունեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Էրտողան եւ Ռուհանի երէկ Անգարայի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ հանրապետութեան նախագահը յստակ բանաձեւումներով արտայայտուեցաւ տարածքաշրջանի առկայ խնդիրներուն շուրջ։ Ան ըսաւ. «Պէտք է ապահովենք տարածքաշրջանի անվտանգութիւնը»։

Արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Չանքայայի ապարանքին մէջ կազմակերպուած Թուրքիա-Իրան գործարար ֆորումի ընթացքին Էրտողան տեղեկացուց նաեւ, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան ձեւաչափով հերթական խորհրդաժողովը Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ։ Այս գագաթաժողովը պիտի ըլլայ իր նմաններու շարքին չորրորդը։ «Աշխարհի վրայ պատերա՞զմ պիտի հետապնդենք, թէ խաղաղութիւն։ Մարդկութիւնը կարօտ է խաղաղութեան, ոչ թէ պատերազմի», ըսաւ Էրտողան։

Մինչ այդ, միջազգային մամուլէն զանազան յառաջատար լրատուամիջոցներ սկսած են հրապարակել զանազան մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց ԱՄՆ-ի Սուրիայէն դուրս գալը դիւանագիտական յաղթանակ մը կը համարուի Էրտողանի տեսակէտէ։

Իր կարգին, Հասան Ռուհանին ալ Անգարայի մէջ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Սուրիոյ խնդրին կապակցութեամբ։ Իրանի ղեկավարը ընդգծեց, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան շուրջ համակարծիք են Թուրքիոյ հետ։

Ըստ Ռուհանիի, երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են տարածքաշրջանային խնդիրները։ Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ Աստանայի գործընթացէն ներս Թուրքիա, Իրան եւ Ռուսաստան սերտ համագործակցութիւնով մը կ՚աշխատին։ Այդ համագործակցութեան տեւականացման ուղղութեամբ որոշում առնուած է։ Այս երեք երկիրներու ղեկավարները յառաջիկային անգամ մը եւս ի մի պիտի գան եւ Ռուհանի տեղեկացուց, որ այդ գագաթաժողովը կը նախատեսուի Ռուսաստանի մէջ։

«Սուրիան մեզի համար շատ կարեւոր է։ Սուրիոյ ճակատագիրը պէտք է վճռուի միմիայն Սուրիոյ ժողովուրդին կողմէ։ Ամէն մարդ պէտք է յարգանք ցուցաբերէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ այս նիւթին շուրջ մեր երկու երկիրները ամբողջութեամբ համակարծիք են։ Այս ուղղութեամբ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման նպատակով մեր համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի։ Բաց աստի, Եմէնի խնդրին շուրջ, Եմէնի ժողովուրդի դիմագրաւած չափազանց դժուար պայմաններուն շուրջ, Եմէնի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համար միասնաբար որոշումներ ընդունեցինք։ Եմէնցիներու միջեւ երկխօսութեան մը ապահովուելուն համար պիտի բերենք մեր նպաստը եւ Եմէնի ժողովուրդին համար կատարուելիք մարդասիրական օժանդակութիւններուն համար մեր երկու երկիրները խորհրդակցութեան մէջ պիտի գտնուին։ Իրարու օգնենք», ըսաւ Հասան Ռուհանի Անգարայի յայտարարութիւններուն մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018