ԵՄ ՆՈՐ ՈՐԱԿՈՎ ԿԱՊԵՐ ՄՇԱԿԵԼ ԿԸ ՁԳՏԻ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ

Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան Գործընկերութեան խորհուրդի հերթական ժողովը օրերս տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵՄ-Հայաստան Գործընկերութեան խորհուրդի նիստն ալ տեղի ունեցած էր անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին։ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, ԵՄ կը փափաքի Ատրպէյճանի հետ գործընկերութեան նոր համաձայնագիր մը կնքել ու մասնակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։

Ժոզէֆ Պորել յայտնեց, որ ԵՄ-ի հետ նոր համաձայնագրի մը ստորագրումը պիտի նպաստէ Ատրպէյճանի տնտեսութեան տեսակաւորման եւ առեւտրային յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի հետ անոր գործընկերութեան առաւել լայն ձեւով իրականացման։ Բաց աստի, Պորել նշեց, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցիլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հետ սերտ համագործակցութեամբ։

Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվէր Վարհէի ալ ընդգծեց ԵՄ-ի հետաքրքրութիւնը՝ Ատրպէյճանի հետ զարգացնելու համար համագործակցութիւնը բնական կազի ոլորտէն ներս։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020