ՍԻՒՆԻՔԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՄԻՇՏ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ. ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի իրադարձութիւնները դարձած են հրատապ։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման աշխատանքներուն զուգահեռ յառաջացած են լուրջ մարտահրաւէրներ։ Այս մարզէն ներս Գորիս-Դաւիթ Բէկ եւ Գորիս-Կապան ճանապարհի 21 քիլօմեթր երկարութեամբ մէկ հատուածը կը մնայ Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները շաբաթավերջին տեղեկացուցին, որ այդ հատուածի անվտանգութիւնը ռուս սահմանապահներու կողմէ պիտի երաշխաւորուի։ Նոյն հատուածը պիտի վերահսկեն նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանապահները։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանն ալ շաբաթավերջին Սիւնիքի մարզ այցելելէ վերջ յայտնեց, որ որոշ հատուածներէ ներս ռուս սահմանապահներու տեղակայումը չի նշանակեր Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան կորուստ։ «Ինքնիշխանութեան կորուստը կ՚ըլլայ այն ժամանակ, երբ անվտանգութիւնը ապահովուած չէ։ Իսկ այն քայլերը, որոնք կ՚ամրապնդեն անվտանգութիւնը, կ՚ապահովեն թէ՛ պետութեան անկախութիւնը եւ թէ ինքնիշխանութիւնը։ Այսօր մեր գերխնդիրն է ապահովել ռազմական անվտանգութիւնը, ինչ որ կ՚ապահովէ մեր ինքնիշխանութեան ամրապնդումը եւ անկախութիւնը», ըսաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այսօր կ՚այցելէ Սիւնիք։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Սիւնիքի մէջ յայտնեց. «Մենք կը գտնուինք յետցնցումային իրավիճակի մէջ։ Ամէն ինչ պէտք է ընենք կացութիւնը կայունացնելու համար»։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020