Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԱՆԿԻՆԱՍԻ
Անցեալ ապրիլին քորոնաժահրի համաճարակին զոհ գացած լուսանկարիչ Նիքօ Մանկինասի ի յիշատակ կազմակերպուած լուսանկարչական մրցոյթը կ՚ընթանայ փուլ առ փուլ։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի պաշտօնական լուսանկարիչն էր Մանկինաս, որուն ի յիշատակ նախատեսուած «Մենք ու մեր աւանդութիւնները» խորագրեալ լուսանկարչական մրցոյթի մասնակցութեան համար սահմանուած վերջնաժամկէտը արդէն աւարտած է։ Այս մրցոյթը կը կազմակերպուի Ենիգիւղի Այա Փանայիա յունաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ, որու գլուխը կը գտնուի յայտնի անուն մը՝ Լաքի Վինկաս։ Մրցոյթի դատակազմը վերջերս ժողով մը գումարեց այդ նոյն եկեղեցւոյ մէջ՝ արժեւորելով 285 լուսանկարիչի կողմէ ներկայացուած 785 դրուագը։ Բացի յաջողագոյն 3 լուսանկարէն, դատակազմը պիտի որոշէ 3 մանսիոնի արժանի դրուագ, պիտի ճշդէ 1 յատուկ մրցանակի դրուագ, նաեւ պիտի ընտրէ՝ ցուցադրութեան արժանի 30 լուսանկար։
Դատակազմին մէջ կը գտնուին՝ Մկրտիչ Արծիւեան, Պերճ Արապեան, Ճոշքուն Արալ, Իզզեթ Քեհրիպար, Ալպերթօ Մոտիանօ, Եորկօ Տեմիր, Էմինէ Իւլքերիմ, ինչպէս նաեւ Իպրահիմ Կէօքսունկուր, որ Թուրքիոյ Լուսանկարչական արուեստի դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ։ Լաքի Վինկաս դատակազմի բոլոր անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ շեշտելով, որ Նիքօ Մանկինասի մահը մեծ կորուստ մը եղած է եւ մրցոյթը կազմակերպուած է իր յիշատակը վառ պահելու համար։
Վաղը, Թուրքիոյ Լուսանկարչական արուեստի դաշնակցութեան կողմէ պիտի հրապարակուին այս մրցոյթին արդիւնքները։ Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը նախատեսուած է Պէյօղլուի Զողրաֆիոն լիսէի հանդիսասրահին մէջ։ Արդարեւ, հանգուցեալ Նիքօ Մանկինաս եղած է այս վարժարանի սանը եւ լուսանկարչական առաջին փորձերն ալ կատարած է այնտեղ։ Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը նախատեսուած է՝ հովանաւորութեամբ ու մասնակցութեամբ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքին։