«ՁԻԹԵՆԻԻ ՃԻՒՂ»

Աֆրինի գործողութիւնները շաբաթավերջին սկսան՝ «Ձիթենիի ճիւղ» անուանումով։ Թուրք զինեալ ուժերը վերջին երեք օրերուն ամենայն սաստկութեամբ ռումբ կը տեղացնեն ահաբեկչական լծակներուն վրայ։ Բանակը Աֆրինի եւ շրջակայքին կը ծաւալէ լայնածաւալ ու ազդու գործողութիւններ՝ ոչնչացնելով իր թիրախները։

Սուրիոյ հիւսիսի վերջին իրադարձութիւնները մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի ահաբեկիչներէն բաղկացեալ մասնաւոր զօրք մը ստեղծելու մտադրութիւնը շարժման անցուց Անգարան։ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի թիրախները Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ վերջին օրերուն կ՚ոչնչացուին իրերայաջորդ ձեւով։ Գործողութիւններու սկիզբին 72 ռազմաօդանաւեր ռմբակոծեցին Աֆրինի եւ մերձակայքի ահաբեկչական լծակները։ Աւելի վերջ սկսան նաեւ ցամաքէն գործողութիւնները։ Թուրք զինեալ ուժերու հրասայլերը սկսան յառաջանալ Սուրիոյ տարածքին մէջ։ Անոնց միացած են նաեւ Սուրիոյ ազատ բանակի միաւորները։

Աֆրինի գործողութիւնները կ՚ընթանան, մինչ Անգարա միջազգային գետնի վրայ դիւանագիտական միջոցներով կը փորձէ իր նպատակները հասկնալի դարձնել միջազգային հանրութեան։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ գործողութիւններուն շուրջ գրաւոր տեղեկութիւններ փոխանցուած են նաեւ Սուրիոյ ղեկավարութեան։

Իր կարգին, կառավարութեան բանբերը՝ Պեքիր Պոզտաղ յայտարարեց, որ ներկայ գործողութիւնները կը համապատասխանեն միջազգային իրաւունքին եւ ՄԱԿ-ի գործողութիւններուն։ Պեքիր Պոզտաղ նշեց, որ գործողութիւններու բարեյաջող աւարտէն վերջ Թուրքիա պիտի բաժնուի այդ շրջաններէն։

Իր կարգին, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարն ալ անդրադարձաւ գործողութիւններու ընթացքին։ Ան յայտնեց, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները կը կատարուին ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի ծիրին մէջ։ Հարկ է նշել, որ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը սահմանամերձ գօտիին մէջ անձամբ կը վերահսկէ գործողութիւններուն ընթացքը՝ բանակի վերնախաւէն բարձրաստիճան հրամանատարներու հետ։

Միւս կողմէ, Աֆրինի գործողութիւններուն սկսելէն անմիջապէս վերջ, սահմանամերձ Ռէյհանլը գաւառակը ենթարկուեցաւ յարձակումներու։ Ահաբեկչական յարձակումներու թիրախը դարձած Ռէյհանլըի մէջ եղան զոհեր եւ յառաջացան վնասներ։ Աւելի ուշ բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ ամբողջութեամբ ոչնչացուած են այն կէտերը, ուրկէ կրակ բացուած է Ռէյհանլըի վրայ։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն կապակցութեամբ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին արձագանգեց անմիջապէս։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիս յայտարարեց, որ Թուրքիա սեփական անվտանգութեան կապակցութեամբ ունի օրինական մտահոգութիւններ։ Ամերիկացի նախարարին խօսքերով՝ այս նիւթին շուրջ Թուրքիա վարուեցաւ անկեղծ եւ ռազմաօդային գործողութիւններու սկսելէն առաջ արդէն զգուշացուց ամերիկեան կողմը։

Ճիմ Մաթիս յիշեցուց, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի կարեւոր դաշնակիցներէն մին է։ Բաց աստի ան շեշտեց, որ Թուրք զինեալ ուժերու ձեռնարկած գործողութիւններուն բերումով տարածքաշրջանէ ներս գտնուող ամերիկացի զինուորները որեւէ վտանգի ենթակայ չեն։

ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ արձագանգեց «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն։ Պետական քարտուղարութեան բանբերը յայտնեց, որ մտահոգ են մասնաւորապէս քաղաքային ժողովուրդի կացութեան շուրջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018