ԱՆԳԼԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԳՏԻ ԲԱՑԱՌԵԼ ԱՌԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ BREXIT-Ի ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ յայտնեց, որ առանց պայմանաւորուածութեան BREXIT-ի բացառման ճանապարհն է խորհրդարանի կողմէ համաձայնութեան մը վաւերացումը։ Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը ներկայիս կը հետապնդէ այս նպատակը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թերեզա Մէյ երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովին մէջ։ Ըստ իրեն, անցեալ շաբթուան քուէարկութեան արդիւնքով յայտնի դարձած է, որ կառավարութիւնը փոփոխութեան պէտք է ենթարկէ BREXIT-ի վերաբերեալ իր մօտեցումները։ Թերեզա Մէյ տեղեկացուց, որ քուէարկութենէն վերջ հանդիպումներ ունեցած է խորհրդարանէ ներս ներկայացուած կուսակցութիւններու ղեկավարներուն ու երեսփոխաններուն հետ։ Ան այդ բոլորը որակեց շինիչ։ Մէյ նշեց, որ այդ հանդիպումներուն ընթացքին իր նկատառման յանձնուած մտահոգութիւնները նկատի կ՚առնէ։ Գլխաւոր մտահոգութիւնն է առանց համաձայնութեան BREXIT-ի մը հաւանականութիւնը։ Այս մէկը բացառելու համար խորհրդարանը պէտք է վաւերացնէ համաձայնութիւն մը։ Առանց համաձայնութեան BREXIT մը կանխելու միւս ճանապարհն է BREXIT-ի ջնջուիլը։ «Սա պիտի նշանակէ դէմ գալ հանրաքուէի արդիւնքին ու ես համոզուած եմ, որ այս ճանապարհին պէտք չէ հետեւիլ», ըսաւ ան։ BREXIT-ի թուականի յետաձգումն ալ լուծում պիտի չապահովէ խնդիրներուն, այլեւ պարզապէս պիտի յետաձգէ զանոնք։ Նուազ հաւանական է, որ այս վարկածը նախընտրելի ըլլայ նաեւ Եւրոմիութեան տեսակէտէ։ Թերեզա Մէյ խօսեցաւ նաեւ նոր հանրաքուէի մը կազմակերպման վարկածին շուրջ։ «Մեզի կը վիճակի կեանքի կոչել առաջին հանրաքուէի արդիւնքը։ Երկրորդ հանրաքուէի մը կատարուիլը լուրջ հետեւանքներու ծնունդ պիտի տայ՝ այս երկրէն ներս հանրաքուէներու կազմակերպման ձեւին շուրջ։ Մասնաւորապէս պիտի ամրապնդուին դիրքերը անոնց, որոնք հետամուտ են Անգլիան մասնատելու», ըսաւ Մէյ եւ աւելցուց, որ նոր հանրաքուէի մը վարկածը անհրաժեշտ պիտի դարձնէ BREXIT-ի յետաձգումը եւ այս պայմաններուն ներքեւ երկիրը պիտի պարտաւորուի յառաջիկայ մայիսին նախատեսուած Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն մասնակցելու։

BREXIT-ի վերաբերեալ համաձայնութեան մէջ խնդրայարոյց հիմնական կէտն է «նախազգուշական միջոցի յօդուածը»։ Կառավարութիւնը մտադիր չէ այդ ճգնաժամը յաղթահարելու համար վերստին քննարկման բանալու Պելֆաստի համաձայնութիւնը։

Մէյ տեղեկացուց, որ յառաջիկային որդեգրուելիք ճանապարհին շուրջ չէզոք առաջարկ մը պիտի ներկայացնեն խորհրդարանին եւ այդ մէկն ալ պիտի վաւերացուի յունուարի 25-ին։

Գլխաւոր ընդդիմադիր Բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերըմի Քորպինն ալ իր հերթին քննադատեց Թերեզա Մէյի լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններու ծրագիրը։ Իր կուսակցութիւնը 29 յունուարին նախատեսուած քուէարկութեան ժամանակ հաւանութիւն պիտի տայ այն առաջարկին, որով պիտի բացառուի առանց համաձայնութեան BREXIT-ի հաւանականութիւնը։ Քորպին աւելցուց, որ իրենք պիտի արժեւորեն նոր հանրաքուէի մը վերաբերեալ պահանջները։

Սկովտիոյ պարագան ալ ներկայ փուլին ունի լուրջ նշանակութիւն։ Սկովտիոյ ազգային կուսակցութեան բանբեր Եան Պլեքֆորտ Թերեզա Մէյէն վերջ խօսք առնելով յայտնեց, որ Սկովտիոյ առջեւ կը գտնուին ուրիշ այլընտրանքներ։ «BREXIT-ի համար քուէ չտուինք։ Պիտի չարտօնենք, որ Անգլիա մեզի դուրս քշէ Պահպանողական կուսակցութեան կառավարութեան միջոցաւ, որուն քուէ չենք տուած։ Գուցէ չենք կրնար փրկել Անգլիան, սակայն կրնանք փրկել Սկովտիան։ BREXIT-ի քաոսէն դուրս գալու ճանապարհը անկախ Սկովտիան է», ըսաւ Պլեքֆորտ։ Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուց, որ մինչ Անգլիա կ՚ինքնապարփակուի, Սկովտիա կը ձգտի մնալ՝ իբրեւ Եւրոմիութեան մաս։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019