ԵՄ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿՆԵՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Եւրոպական Միութիւնը դրական ազդակներ կը տեսնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման համար։ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի բանբեր Մայա Քոսիեանչիչ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Փարիզի վերջին հանդիպման լոյսին տակ։ Ան անդրադարձաւ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ վերջին զարգացումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քոսիեանչիչ համոզուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին շփումները դրական ազդակներ կը հաղորդեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթացի համար։ ԵՄ կ՚ակնկալէ անոնց արդիւնքներու լիակատար իրագործումը, ներառեալ ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստումը եւ բանակցութիւններու աշխուժացման ուղղեալ քայլերու դիտարկումը։ Այս հանգամանքները ընդգծուած են նաեւ նախարարներու հանդիպման շուրջ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ։

«ԵՄ կը յայտնէ իր լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ առաջարկներուն նկատմամբ, ներառեալ ԵՄ-ի Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի գծով յատուկ ներկայացուցիչի միջոցով, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւններու միջեւ վստահութեան ամրապնդման ճանապարհով։ Բոլորը պիտի շահին տեւական խաղաղութենէն, ինչ որ պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանի ներուժի իրացման», նշեց Մայա Քոսիեանչիչ։

Հարկ է նշել, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս եւս ողջունած էր նախարարներու հանդիպումը։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019