ՌՈՒՄԱՆԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԵՄ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՆՈՐ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ ՄԸ

Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկրի Ռումանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Թէոտոր Մելեշճանու յայտնեց, որ յառաջիկայ մարտի սկիզբին Պուքրէշի մէջ կը նախատեսուի Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ գագաթաժողով մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, կը ծրագրուի, որ այս գագաթաժողովին մասնակցութիւն բերեն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ միւս բարձրաստիճան իրաւասուները։

Անդրադառնալով Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններու ընթացքին՝ Մելեշճանու յայտնեց, որ ամուր ձեւով կը խրախուսէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու շարունակութիւնը։

Ռումէն նախարարը մատնանշեց, որ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին՝ նախագահ Էրտողանը եւ ԵՄ-ի իրաւասուները Պուքրէշի մէջ ի մի բերելու համար։ Սա պիտի ըլլայ եթէ ամէն ինչ ընթանայ բարեյաջող։ Տակաւին յստակ թուական մը ճշդուած չէ, սակայն հաւանական է, որ այդ գագաթաժողովը տեղի ունենայ մարտի սկիզբին։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մելեշճանու խօսեցաւ նաեւ ԵՄ-Թուրքիա գործընկերութեան խորհուրդին շուրջ։ Վերջին անգամ այդ խորհուրդը 2015-ին գումարած էր նիստ մը։ «Որպէս ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ՝ մեր առաջին առաջարկներէն մին պիտի ըլլայ ԵՄ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ գործընկերութեան խորհուրդի ժողովի վերստին կազմակերպումը։ Մեր նպատակն է զանազան նիւթերու շուրջ քննարկումներուն թափ տալ եւ զանոնք արագացնել։ Այս բոլորի շարքին կը գտնուի նաեւ Մաքսային միութեան այժմէականացումը», ըսաւ Մելեշճանու։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019