ՎԱԼԱՆՍԻ ՄԷՋ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Ֆրանսայի Վալանս քաղաքէն ներս պաշտօնապէս կը սկսին հայկական ամէնօրեայ վարժարանի մը շինարարական աշխատանքները։ Վալանս յաճախ կը համարուի հայկական առումով Ֆրանսայի ամենայատկանշական քաղաքներէն մին։ Արդարեւ, ներկայիս այնտեղ հայերու մեծ զանգուած մը չ՚ապրիր, սակայն կան կառոյցներ եւ ֆրանսահայ համայնքի կազմաւորման շրջանին այս քաղաքը ունեցած է կարեւոր նշանակութիւն։ Այժմ, Վալանսի մէջ հայկական ամէնօրեայ նոր դպրոցի մը կառուցման ծրագիրը յառաջ կը տարուի։ Շինարարական աշխատանքներու պաշտօնական սկիզբը տրուած է 9 յունուարին՝ ձեռամբ Վալանսի Ֆրանս-հայկական մշակոյթի կեդրոնի (CCAV) նախագահ Անտրէ Հացպանեանի։ Սոյն դպրոցի կառուցման կը սպասուէր երկար ատենէ ի վեր։ Սա թոյլ պիտի տայ հաստատել ակադեմական շրջանակ մը հայերէնի դասաւանդման համար եւ այդ մէկը մաս պիտի կազմէ ֆրանսական կրթական ծրագրին։ Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, դպրոցը պիտի հաստատուի Վալանսի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մերձաւորութեամբ: Աշխատանքները, որոնց տեւողութիւնը կը նախատեսուի 16 ամիս, պիտի սկսին փլուզումի փուլով, ապա պիտի ձեռնարկուի շէնքի գետնայարկի եւ առաջին յարկի ընդարձակմամբ, վերակազմակերպելու համար տարածքները: Այս կարգաւորումը աշխատանքի եւ ուսման լաւագոյն պայմաններ պիտի ապահովէ ապագայ աշակերտութեան, որ պիտի ունենայ նաեւ ճաշարան մը եւ ընդարձակ բակ մը: Առաջին երեխաները պիտի ընդունուին 2020-ի սեպտեմբերի վերամուտին:

Այս ծրագիրը անկասկած Վալանսի հայ համայնքի պատմութեան կարեւորագոյնն է, որքան իր ծաւալով, նո՛յնքան ալ այն դերով, որ հաստատութիւնը պիտի ունենայ ապագային: Շինարարութիւնը, որուն ծախսերը կը գնահատուին 1.860.000 եւրօ, կարելի դարձաւ շնորհիւ լիբանանահայ բարերար Գէորգ Արապեանի 700.000 եւրոյի բացառիկ նուիրատուութեան: Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան, Անտրէ Հացպանեան եւ իրենց խումբը յաջողեցան 2017-ի հոկտեմբերին սկսած հանգանակութեամբ հաւաքել աւելի քան 1 միլիոն եւրօ, ներառեալ վերոնշեալ նուէրը: Ի դէպ, CCAV-ի համանախագահ Նորվան սրբազան 2018-ի սեպտեմբերին արդէն կը յայտարարէր, որ «երբեք հանգանակութիւն մը այսքան բերրի չէր եղած աշխատանքներու սկիզբէն առաջ»։ Արդարեւ, կոչ եղաւ ֆրանսահայ գաղութի առատաձեռնութեան: Բարեսիրական երեկոյթներ տեղի ունեցան, կազմակերպուեցաւ հեռաձայնով հանգանակութեան օր մը, որոնք թոյլ տուին դրամ հաւաքել. եղան նաեւ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ: Կը մնայ ապահովել 860.000 եւրօ եւս՝ ծրագիրը առանց պարտքի իր աւարտին հասցնել կարենալու համար: Կ՚ակնկալուի, որ շինարարական աշխատանքներու սկսիլը 2019-ին պիտի խրախուսէ նուիրատուները, բայց նաեւ պիտի ներգրաւուին նոր բարերարներ (նկատի ունենալով, որ նուիրատուութիւնները թոյլ կու տան 66 առ հարիւրի հարկային զեղչ մը):

Հիմնադրելով Ֆրանսայի ամէնօրեայ ութերորդ վարժարանը՝ Վալանս աստիճանաբար կը հասնի Լիոնի, Մարսէյլի, Նիսի եւ Փարիզեան շրջանի մակարդակին: Դպրոցական այս բոլոր հաստատութիւնները կը բերեն իրենց նպաստը երիտասարդութեան կրթութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ հայերէնի աշխուժացման:

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019