ՑԻՒՐԻԽԻ ՎՐԱՅՈՎ ՏԱՒՈՍ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Զուիցերիա՝ մասնակցութիւն բերելու համար Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, որ այս տարի կազմակերպուած է 49-րդ անգամ։ Վարչապետ Փաշինեան երէկ Ցիւրիխի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Զուիցերիա-Հայաստան Առեւտրային պալատի ներկայացուցիչներուն եւ զուիցերացի գործարարներու հետ։ Անշուշտ, այդ գործարարներու շարքին կը գտնուէին նաեւ բազմաթիւ զուիցերահայեր։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի նախկին նախագահ Տոմինիք տը Պուման։ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու աւարտին պատասխանեց ներկաներու զանազան հարցումներուն։

Բացի սոյն հաւաքական հանդիպումէն, Նիկոլ Փաշինեան Ցիւրիխի մէջ աւելի նեղ շրջանակով քննարկումներ ալ ունեցաւ Զուիցերիոյ գործարար շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ։ Քննարկուեցան Հայաստանի մէջ ներդրումային զանազան ծրագրերու իրականացման վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեանի այս փուլի զրուցակիցներու շարքին էր «Ֆրանք Միւլլէր» ընկերութեան նախագահ եւ բարերար Վարդան Սըրմաքէշ։ Փաշինեան եւ Սըրմաքէշ քննարկեցին զանազան ոլորտներէ ներս ծրագրերու իրականացման վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք անդրադարձան նաեւ «Հին Երեւան» ծրագրի իրականացման շուրջ խնդիրներուն։

Ցիւրիխի այս հանդիպումներէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան ուղուեցաւ դէպի Տաւոս։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019