Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակի մօտակայքին կը շարունակուի վարչական նորակառոյց ընդարձակ համալիրին շինարարութիւնը։ Պետական այդ մեծ վարչական շէնքէն ներս պիտի գործէ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ նորակառոյց համալիրի շահագործման յանձնուելուն ընդառաջ արդէն կ՚իրականացուին վերջին աշխատանքները։ Լուսանկարին մէջ վարպետները կ՚երեւին համալիրի ճակատի պատին վրայ փորագրումներ ընելու ժամանակ
Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016