Հայաստանի Մէջ Ներդրումային Ծրագրեր

Միացեալ Նահանգներ բնակող իրանահայ ճարտարագէտ Արմէն Սագինեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան եկած է ներդրումային երկու ծրագրեր իրականացնելու նպատակով: Առաջին ծրագիրը կը վերաբերի Իրանի սահմանին՝ Մեղրիի շրջակայքին զուարճանքներու ընդգրկուն համալիր կառուցելուն, որ պիտի ներառէ ժամանցի համար նախատեսուած բոլոր պայմանները՝ ճաշարաններ, սրճարաններ եւ շարժապատկերի սրահներով յագեցած, նոյնիսկ կրնայ ըլլալ, որ համալսարան կառուցուի: Մարդիկ այցելելով ինքնատիպ այդ «քաղաք»ը՝ կը կարենան հանգստանալ ընկերներու կամ ընտանիքի հետ:

Երկրորդ ծրագիրը կը վերաբերի Երեւանի մէջ աղբի թափօններու հարցին: Ճարտարագէտը կ՚առաջարկէ հիմնել համապատասխան արհեստագիտութիւններ ունեցող յատուկ գործարան, ուր կարելի կ՚ըլլայ թափօնները վերամշակելէ ետք օգտակար եւ կարեւոր նիւթերը առանձնացնել՝ զանոնք յետագային շըր-ջակայ միջավայրին մէջ կիրարկելու համար:

«Մեր առաջին ներդրումային նախաձեռնութեամբ կը փափաքինք խթանել Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, աշխատատեղիներու յառաջացման եւ զբօսաշրջութեան աշխուժացման, որուն միջոցով մեր պետութիւնը օտարներու կողմէ աւելի ճանաչելի կը դառնայ», նշեց Արմէն Սագինեան՝ աւելցնելով, որ վերոնշեալ ծրագրերը պիտի փորձէ կեանքի կոչել գաղափարակից ընկերներու հետ, միացեալ ուժերով իրենց կարելիութիւններու սահմանին մէջ ապահովելով Հայաստանի յառաջընթացը: Արմէն Սագինեան այս առընչութեամբ զանազան քննարկումներ ունեցած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին եւ պաշտօնատար այլ անձերու հետ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու ներդրումային ծրագրերու իրականացման գործին: «Հոգիս կը խաղաղի այսպիսի ազգանպաստ գործունէութեան սկսելու առիթով: Պէտք է մեզմէ իւրաքանչիւրը աշխոյժ կերպով ներգրաւուած ըլլայ հայրենիքի շէնացման գործին՝ ի շահ հայ ժողովուրդին: Յոյս ունիմ, որ ամէն ինչ բարեյաջող ընթացք կ՚ունենայ, եւ յառաջիկային կ՚ազդարարենք մեր աշխատանքներու մեկնարկը», ընդգծեց Սագինեան:

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018