ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիան։ Երկու նախարարները վարեցին բանակցութիւններ եւ ստորագրեցին Հայաստան-Վրաստան 2019 թուականի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Լեւան Իզորիա օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման, հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման հարցերուն շուրջ եւ երկուստեք ընդգծուեցաւ այս ուղղութեամբ փոխադարձ ջանքերու կարեւորութիւնը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց երկկողմանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման կապակցութեամբ։ Լեւան Իզորիա նշեց, որ Վրաստան կը կարեւորէ տարածքաշրջանային բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ կը սատարէ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման նպատակով ձեռնարկուած ջանքերուն։

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019