ՀԲԸՄ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՍԳՈՅ ՏՈՄԱՐ ՄԸ ԲԱՑՈՒԱԾ Է ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԼՈՒԻԶ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ-ՍԻՄՈՆԻ ՀԱՄԱՐ

Նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի մահուան ստեղծած ցաւը կը շարունակէ մնալ հայաշխարհի օրակարգին վրայ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի կեդրոնին մէջ սգոյ տոմար մը բացուած է Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի համար։ Այդ սգոյ տոմարը կը ստորագրեն մարդիկ, որոնք իրենց վերջին յարգանքի տուրքը կը մատուցեն մեծանուն բարերարուհիին նկատմամբ ու կ՚արտայայտեն իրենց երախտագիտական զգացումները։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի կեդրոնէն ներս մինչեւ շաբաթավերջ բաց պիտի պահէ իր նախկին նախագահի սգոյ տոմարը։

Միւս կողմէ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ալ ցաւակցական մը հրապարակեց Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի կորուստին առթիւ։ Կուսակցութեան պիւրոյի ստորագրութեամբ հրապարակուած ցաւակցականին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր նուիրեալ զաւակը, որ իր գերդաստանի աւանդութիւններուն հաւատարիմ ապրեցաւ ու գործեց հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին անմնացորդ նուիրուելու առաքելութեան գիտակցումով։ ՀԲԸՄ-ի իր նախագահութեան շրջանը զուգադիպեցաւ Հայաստանի վերանկախացման։ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն եղաւ հայրենակեդրոն ծրագրերու մշակողը, սփիւռք-հայրենիք կամրջողն ու հայրենիքի մէջ ՀԲԸՄ-ի գրասենեակի հիմնադիրը»։

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019