ՍՊԱՍՈՒՄ ԵՒ ՈՐՈՆՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները աւարտեցին իրենց ուղեւորութիւնը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Իրենց այցելութեան առաջին փուլին անոնք շփումներ ունեցան Երեւանի մէջ, ուրկէ անցան Պաքու՝ հիւրընկալուելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի կողմէ։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ալիեւ միջնորդներուն հետ կարծիքներ փոխանակեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու ներկայ վիճակին եւ հեռանկարներուն շուրջ։

Համանախագահներու այցելութեան զուգահեռ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէր երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ յոյս ունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ընդհանուր քարտուղարը ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ձմրան նիստին ժամանակ ընդգծեց, որ միջնորդութեան բոլոր ձեւաչափերուն մէջ անհրաժեշտ է շինիչ համատեղ աշխատանքը։ «Կը կարծեմ՝ իրենց բնակչութիւնը խաղաղութեան պատրաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան պարտաւորութիւնը շատ խոստմնալից ազդանշան մըն է», ըսաւ Կրեմինկէր։

Ռուսական «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Թերթի սիւնակագիր Եուրի Ռոքս դիտարկած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան համեստ քայլեր կ՚առնեն դէպի խաղաղութիւն։

Մինչ այդ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահներէն Ռիչըրտ Հակլընտ հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի Ձայն» ռատիօկայանին։ Ան մեկնաբանեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի ներկայ վիճակը։ Իր խօսքով՝ բանակցութիւններու սեղանին վրայ կը գտնուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի նախագիծը եւ այդ մէկը կողմերէ որեւէ մէկու հաւանութեան տակաւին չէ արժանացած։

Իր կարգին, քաղաքական վերլուծաբան Ռիչըրտ Կիրակոսեանն ալ յայտնեց, որ Պաքու հակուած է պահպանել իր ակրեսիւ հռետորաբանութիւնը, ուստի միջազգային հանրութիւնը պէտք է պահանջէ իրականացնել իր ակնկալութիւնները։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր միջնորդները Երեւանի մէջ հիւրընկալելէ վերջ յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ներկայ այցելութեան նպատակն է ծանօթանալ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման մանրամասնութիւններուն։

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019