ՌԵՔՍ ԹԻԼԸՐՍԸՆ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն ամսավերջին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Կը նախատեսուի, որ պետական քարտուղարի այցը տեղի ունենայ Մարտի 30-ին։ Սա ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնի ձեռնարկելէն վերջ Ուաշինկթընէն արտաքին գործոց նախարարի մակարդարով առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ դէպի Անգարա։
Ռեքս Թիլըրսըն դէպի շարք մը ասիական երկիրներ նախատեսուած ուղեւորութեան ծիրէն ներս պիտի իրականացնէ իր շփումները Թուրքիոյ մէջ։
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արդարադատութեան նախարար Ճէֆ Սեշընի եւ Նախագահ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական ՄըքՄեսթըրի հետ։ Չավուշօղլու Սեշընին յանձնեց թղթածրար մը, որ կը բովանդակէ փաստաթուղթեր՝ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման փորձին եւ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի դերակատարութեան շուրջ։