ԴԺՈՒԱՐԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ըրաւ կարեւոր յայտարարութիւններ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Հայաստանի Լրագրողներու միութեան ղեկավարութիւնը փոխուեցաւ։ Այդ փոփոխութեան զուգահեռ հանրային կարծիքի օրակարգի վրայ եկան թէ՛ միութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ թէ անոնց ծնունդ տուած շարք մը վարչական վիճելի կարգադրութիւնները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սաթիկ Սէյրանեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան կալուածատուրքի պարտքը ներկայիս կը կազմէ շուրջ 4 միլիոն դրամ։ Ըստ Սէյրանեանի, միութեան պատկանող կալուածներու մեծամասնութիւնը նուաստացուցիչ պայմաններով, հրապարակի իրականութիւններէն շատ հեռու ձեւով ժամանակին այնպէս մը վարձակալութեան տրուած են, որ ըստ էութեան, անոնք այլեւս չեն պատկանիր Լրագրողներու միութեան։

«Ժամանակին կնքուած են նուաստացուցիչ պայմաններով պայմանագրեր, որոնց լուծումը շատ բարդ ճանապարհ մը կ՚ենթադրէ։ Խնդիրը այն է, որ Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը կը գտնուի Փուշքինի փողոցի 3ա հասցէին, առեւտրական առումով բաւականին լաւ կէտի մը վրայ։ Այս շէնքին մէջ կան քանի մը վարձակալներ», ըսաւ նախագահը եւ աւելցուց, որ նոյն հասցէին մէջ քանի մը ընկերութիւն տարածք վարձած է ենթավարձակալութեան իրաւունքով։ «Օրինակ՝ «Էլզա Կրիկ» ընկերութիւնը մինչեւ 2080 թուականը վարձած է 798.6 քառակուսի մեթր տարածք մը 400 հազար դրամով, որուն ներառուած են տուրքերը։ Իսկ տարածքի կալուածատուրքն ու համատիրութեան վճարները պէտք է դիմագրաւուին միութեան կողմէ։ Նշեմ, որ միայն այդ տարածքի տուրքը մէկ տարուան համար կը կազմէ 566 հազար 771 դրամ։ Այսինքն, 1 քառակուսի մեթրը այդ ընկերութեան տրուած է 501 դրամով», ըսաւ Սաթիկ Սէյրանեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ միութեան նախագահը մատնանշեց, որ այս հարցերը ներկայացուցած է Երեւանի թէ՛ նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին եւ թէ այժմու քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին։ Սէյրանեան համոզուած է, որ եթէ Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը հնարաւորութիւն ունենայ վերստին ստանձնելու այդ տարածքները, ապա պիտի կարենայ վճարել կուտակուած բոլոր տուրքերը ու պիտի կատարէ բոլոր պարտաւորութիւնները։

Հայաստանի Լրագրողներու միութեան շէնքը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնի սրտին վրայ։ Միութեան կեդրոնի հաստատուած ընդարձակ շէնքը ունի բազմաթիւ յարակից բաժիններ, որոնք նախատեսուած են որպէս եկամտաբեր տարածքներ՝ երաշխաւորելու համար անոր գործունէութիւնը։ Այդ տարածքները, սակայն, տարիներու ընթացքին արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց ձեւով չեն արժեւորուած, ինչ որ շատ ժխտական ազդեցութիւն գործած է միութեան գործունէութեան կենսունակութեան տեսակէտէ, նաեւ այդ կառոյցը թողած է պարտքերու մեծ բեռի մը տակ։ Սաթիկ Սէյրանեանի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը այս հարցերուն դէմ կը պայքարի՝ պաշտօնի կոչուած շրջանէն ի վեր։ Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը ո՛չ միայն ձեւական արհեստակցական միութիւն մըն է, այլեւ՝ հասարակական կարեւոր կազմակերպութիւն մը, որու վրայ մեծ յոյսեր դրուած են թէ՛ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման եւ թէ խօսքի ազատութեան ուղղութեամբ նախընթացներու ձեւաւորման տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019