ԵՄ-Ի ԿՈՂՄԷ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄ ԹՈՒՄՕ-Ի ՀԱՄԱՐ

Եւրոմիութիւնը 12.5 միլիոն եւրօ նպաստ մը յատկացնել որոշած է ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս գումարը պիտի տրամադրուի «Եւրոպական Միութեան ԹՈՒՄՕ ճարտարագիտական եւ կիրառական գիտութիւններու համալիր» մը հիմնելու նպատակին։ Այս համալիրը պիտի հանդիսանայ հետազօտութիւններու, կրթութեան եւ սթարթափներու «խաչմերուկ» մը, որ իր շուրջ պիտի համախմբէ տեղական կամ միջազգային գործընկերներ։ Այստեղ որդեգրուած նպատակներէն մին է Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութեան եւ արդիւնաբերութեան միջեւ առկայ բացը լրացնելու հետամուտ կամուրջի մը ստեղծումը։

Նախընթաց օր, ԹՈՒՄՕ-ի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս նախագծի պաշտօնական մեկնարկը։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Երեւանի մօտ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքի, որու խօսքով՝ այս նախաձեռնութեան միջոցաւ կը ձգտին ամրապնդել կապը արդիւնաբերութեան եւ գիտութեան միջեւ։

Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան բանակցութիւններու ընդհանուր տնօրէնութեան Արեւելեան գործընկերութեան գծով տնօրէնուհի Լորընս Մերետիթն ալ ըսաւ. «Տասն օր առաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շատ դրական այցելութիւն մը տուաւ Պրիւքսել, ուր հանդիպեցաւ ԵՄ-ի ղեկավարութեան հետ։ Ես այստեղ եմ իրագործելու համար այն բոլոր համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուեցան Պրիւքսելի մէջ եւ նպաստ կը տրամադրենք այդ նպատակով»։ Ան աւելցուց, որ միջազգային հանրութեան հեղինակաւոր ներկայացուցիչներու հետ այցելած է ԹՈՒՄՕ կեդրոն, ուր քննարկած է բազմաթիւ հարցեր։

ԹՈՒՄՕ-ի զարգացման ծրագրերու տնօրէն Բեկոր Փափազեանն ալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց այս նախագծին կապակցութեամբ։ Հուսկ, համագործակցութեան համաձայնագրի խորհրդանշական ստորագրման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019