ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ ԵՒ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը, որու օրակարգի հիմնական նիւթն էր BREXIT-ի գործընթացի առկայ փակուղին։ ԵՄ-ի խորհուրդը այս առթիւ միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ BREXIT-ի յետաձգման՝ երկու վարկած առաջարկելով Անգլիոյ։ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք ամփոփելով Պրիւքսելի գագաթաժողովի առաջին օրուան արդիւնքները ըսաւ.

«BREXIT-ը պիտի յետաձգուի մինչեւ 22 մայիս՝ պայմանաւ, որ Անգլիոյ խորհրդարանը մինչեւ մարտի վերջաւորութիւնը հաւանութիւն տայ համապատասխան համաձայնագրին։ Եւ կամ BREXIT-ը մինչեւ 12 ապրիլ պիտի յետաձգուի, եթէ հաւանութիւն չտրուի այդ համաձայնագրին»։

Գագաթաժողովի եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ ալ նշուեցաւ, որ եթէ յաջորդ շաբաթ Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովը հաւանութիւն չտայ BREXIT-ի համաձայնագրին, ապա ԵՄ-ի խորհուրդը համաձայն պիտի ըլլայ յետաձգման մինչեւ 12 ապրիլ ու կ՚ակնկալուի, որ Անգլիա մինչեւ այդ օրը կը տեղեկացնէ իր յետագայ յառաջխաղացման տեսլականը»։

Ըստ Տանըլտ Թուսքի, Անգլիա այդ պարագային կրնայ նախընտրել առանց համաձայնութեան ԵՄ-էն դուրս գալը, կրնայ աւելի երկար յետաձգման ժամկէտ մը խնդրել եւ կամ BREXIT-էն հրաժարիլ։ Գագաթաժողովի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Տանըլտ Թուսք եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր չկարողացան յստակ պատասխանել այն հարցին, թէ որքան կրնայ շարունակուիլ «երկարատեւ յետաձգումը»։ «Անվերջ», ըսաւ Եունքէր այս կապակցութեամբ։

23-26 մայիսին նախատեսուած են Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւնները։ BREXIT-ի յետաձգման ժամանակացոյցը կը համընկնի նաեւ այդ ընտրութիւններուն հետ։ Յառաջիկայ շրջանին Անգլիա պէտք է յըս-տակեցնէ, թէ պիտի մասնակցի՞ այդ ընտրութիւններուն կամ ոչ։ Պրիւքսելի աղբիւրներու հաղորդումներով, եթէ Անգլիա որոշէ մասնակցիլ այդ ընտրութիւններուն, ապա կրնայ յետաձգման աւելի երկար ժամկէտ մը ունենալ իր առջեւ։

Իր կարգին, Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ համաձայն չէ BREXIT-էն հրաժարելու գաղափարին։

Իր կարգին, Եւրոխորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանին ալ յայտնեց, որ Անգլիա ԵՄ-ի կազմէն պէտք է դուրս գայ առ առաւելն մինչեւ 18 ապրիլ։ Այդ թուականը վերջնաժամկէտ մըն է, որպէսզի Եւրոխորհրդարանը կարողանայ վաւերացնել BREXIT-ի համաձայնագիրը։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019