ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը։ Պատրիարքարան այցելութեան ընթացքին ամերիկացի դեսպանին ընկերացան Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ դեսպանատան անձնակազմէն Քեւըն Մոսս։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ փափաքած էր ծանօթանալ Նորին Ամենապատուութեան հետ։ Ի դէպ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջին անգամ ԱՄՆ-ի դեսպանին հետ կը տեսակցէր իր գահակալութենէն ի վեր։ Ուստի, բարձրաստիճան դիւանագէտը յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Ջերմ զրոյցի տեւողութեան դեսպան Սաթըրֆիլտ բացատրեց իր ընկալումը թրքահայ համայնքի մասին՝ որպէս Թուրքիոյ կարեւորագոյն տարրերէն մին, որ հարուստ մշակոյթ մը ունի։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ թրքահայ իրականութեան անցեալի ու ներկայի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացուց։ Ի շարունակութիւն զանազան հարցերու մասին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան։ Այս ամբողջին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան պատմական նշանակութիւնը եւ գործունէութեան կենսական կարեւորութիւնը՝ որպէս թրքահայ համայնքի հոգեւոր կեդրոն։ Իր կարգին, ամերիկացի դեսպանը յայտնեց, որ յատկանշական օր մը կ՚ապրէր, որովհետեւ Գումգաբուէն վերջ պիտի ուղուէր դէպի Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, մասնակցելու համար Քաղկեդոնի նորանշանակ մետրապոլիտի գահակալութեան արարողութեան։

Զրոյցի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ դեսպան Սաթըրֆիլտ փոխանակեցին յուշանուէրներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմէ հրաժեշտ առնելէ վերջ ամերիկացի դիւանագէտները առաջնորդուեցան Պատրիարքարանի «Կոլոտ» թանգարանը՝ ուղեկցութեամբ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի, որ սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ այդ խորհրդանշական բաժանմունքին մասին։ Հիւրերը արդէն նախապէս տեղեակ էին այդ թանգարանի գոյութենէն ու մասնաւորապէս փափաքած՝ կատարել շրջայց մը։ Դեսպանը ստորագրեց նաեւ թանգարանի պատուոյ տոմարը։

Հուսկ, դիւանագէտները Գումգաբուէն հրաժեշտ առին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան համար։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021