ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ՉԷ ԼՈՒԾՈՒԱԾ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած չէ։

Շաբաթավերջին Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Արագածոտնի մարզը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ինչքան ալ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը յայտարարէ, թէ Ղարաբաղի հարցը լուծուած է, Ղարաբաղի հարցը լուծուած չէ»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ու շեշտեց, թէ այդ մէկը շահաւէտ է բոլորին համար։

«Բայց այսօր Արցախը կայ, արցախահայութիւնը կայ եւ կ՚ուզեմ ըսել, որ սա մեր զոհուած եղբայրներու, մեր զինուորներու, մեր բանակի շնորհիւ է։ Այո, դառն պատերազմ մը անցուցինք, բայց այն ինչ, որ ունինք՝ ունինք մեր տղաներուն շնորհիւ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ պէտք է յառաջ երթալ։ Որպէս լուծում՝ ան մատնանշեց տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու եւ ճանապարհներու բացումը։

Երկուշաբթի, Մարտ 22, 2021