ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՄԱՅԻՍԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՈՒՌՈՒՑՔԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ՄԸ

Այս տարուան ամառնամուտին Երեւանի մէջ նախատեսուած է բժշկական կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, աշխարհի յառաջատար հիւանդանոցներէն ուռուցքաբաններ յառաջիկային Երեւան պիտի ժամանեն՝ մասնակցելու համար տարուան բժշկագիտական կարեւորագոյն իրադարձութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 19-21 մայիսին, Հայաստանի մէջ առաջին անգամ պիտի կազմակերպուի Մանկական ուռուցքաբանութեան միջազգային միութեան Ասիոյ համաժողովը։ Այսպէսով Հայաստան պիտի դառնայ հարթակ մը, ուր աշխարհի զանազան երկիրներու յառաջատար մասնագէտները պիտի բաժնեն մանկական ուռուցքաբանութեան բնագաւառէն ներս տարուան յայտնագործութիւնները, գիտական նորարարութիւններով հանդերձ։ Յատկանշական է, որ այս համաժողովը յետխորհրդային տարածաշրջանէն ներս մինչ այդ միայն մէկ անգամ կազմակերպուած է Մոսկուայի մէջ։

Հայաստանի Մանկական քաղցկեղի եւ արեան հիւանդութիւններու կեդրոնի ղեկավար Գէորգ Թամամեան այս կարեւոր իրադարձութեան ընդառաջ յայտարարութիւններ ըրաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։ Այսպէս, ան համոզուած է, թէ համաժողովը երկրին տեսակէտէ պիտի դառնայ տարուան կարեւոր բժշկական իրադարձութիւնը։ «Հայաստան այն երկրորդ երկիրն է, որ պատիւն ունի հիւրընկալելու նման մեծ միջոցառում մը։ Կ՚ակնկալենք, որ ամբողջ աշխարհէն՝ Եւրոպայէն, Ասիայէն, Ամերիկայէն եւ այլ վայրերէն մանկական ուռուցքաբաններ գան մեր երկիրը։ Արդէն իսկ իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են Մանկական ուռուցքաբանութեան միջազգային միութեան նախագահը, Ասիոյ, Եւրոպայի, Լատինական Ամերիկայի միութիւններու նախագահները։ Մօտաւորապէս 120 յառաջատար մասնագէտներ արդէն իսկ հաստատած են զեկոյցով հանդէս գալու իրենց որոշումը», ըսաւ Թամամեան։

Համաժողովին առթիւ Հայաստան պիտի այցելեն մանկական քաղցկեղի մասնագէտներ աշխարհի ամենախոշոր կեդրոններէն՝ Սուրբ Յուդայի մանկական հետազօտական հիւանդանոցէն, Հարվըրտի համալսարանէն, Վիեննայէն, Իտալիայէն, Պրիւքսելէն, Սպանիայէն, Չինաստանէն, Ճաբոնէն, Թայուանէն, Հնդկաստանէն, Մերձաւոր Արեւելքէն։ Համաժողովի օրերուն, փաստօրէն, Հայաստան պիտի դառնայ մանկական ուռուցքաբանութեան աշխարհի կեդրոններէն մին։

«Համոզուած եմ՝ Հայաստանի մէջ իրականացուելիք համաժողովը նմանատիպ համաժողովներուն մէջ աննախադէպ պիտի ըլլայ։ Սա կը վկայեն թէ՛ իրենց մասնակցութիւնը հաստատած երկիրներու թիւը եւ թէ այն հանգամանքը, թէ սա թէեւ միջազգային միութեան Ասիոյ համագումարն է, բայց իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են նաեւ Եւրոպայի եւ Լատինական Ամերիկայի միութիւններու նախագահները։ Աշխարհագրութիւնը միայն Ասիոյ համագումարի մասնակիցներով պիտի չսահմանափակուի», նկատեց Գէորգ Թամամեան։

Ըստ վիճակագրական տուեալներու, Հայաստանէ ներս ամէն տարի շուրջ 100 երեխայի մօտ կ՚ախտաճանաչուի քաղցկեղ։ Երեխաներուն 75 տոկոսը լրիւ կ՚ապաքինի։ Այս թիւն իսկ հաշուի առնելով՝ Գէորգ Թամամեան կը վստահեցնէ, թէ մանկական ուռուցքաբանութիւնը եւ արիւնաբանութիւնը Հայաստանի ամենաաշխոյժ եւ ամենաարագ զարգացող ոլորտներու շարքին կրնան դասուիլ։

«Զարգացած երկիրներուն մէջ. օրինակ՝ Գերմանիա, Զուիցերիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Սպանիա, Աւստրիա, Իտալիա եւ այլն, քաղցկեղով հիւանդացած երեխաներու 85 տոկոսը լիարժէք կ՚ապաքինի։ Զարգացող երկիրներու մէջ՝ 0-60 տոկոսը։ Մի զարմանաք զերոյի վրայ, իսկապէս, երկիրներ կան, ուր ապաքինողներու տոկոսը կը կազմէ զերօ։ Մենք, թէեւ զարգացող երկիր մըն ենք, բայց հիւանդներու միջին տոկոսով 75 տոկոսը կ՚ապաքինենք։ Մեր նպատակն է այս պահուն ամենօրեայ աշխատանքի արդիւնքով հասնիլ զարգացած երկիրներու մակարդակին, այդ 10 տոկոսի բացն ալ պիտի համալրենք», ըսաւ փրոֆեսէօրը։

Մանկական ուռուցքաբանութեան միջազգային միութեան Ասիոյ համագումարը Երեւանի մէջ պիտի իրականացուի Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան, Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի եւ Արիւնաբանական կեդրոնի համատեղ ջանքերով։ Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի համալիրէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2023