ԿՈՉ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ծանօթ է, որ Պլինքըն նախօրէին ալ հեռաձայնով զրուցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Փաշինեան-Պլինքըն զրոյցին ի շարունակութիւն տեղի ունեցաւ Պլինքըն-Ալիեւ զրոյցը, որու ընթացքին պետական քարտուղարը աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման։ Ան շեշտեց, որ ԱՄՆ միշտ պատրաստակամ է այս ջանքերուն աջակցելու։ «Կայուն եւ ամուր խաղաղութեան հասնելու միակ միջոցը ուղիղ բանակցութիւններն են», հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ Էնթընի Պլինքըն։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցի ընթացքին Իլհամ Ալիեւն ալ Էնթընի Պլինքընի նկատառման յանձնեց Լաչինի միջանցքին վրայ անցակէտ տեղադրելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան կրկնեց Պաքուի պատճառաբանութիւնները, ըստ որոնց հայկական կողմը կը շարունակէ ռազմական փոխադրումները դէպի Արցախ։ Ալիեւ զրոյցի ընթացքին պնդեց, որ ճանապարհի շրջափակուած ըլլալը Հայաստանի կեղծ քարոզչութիւնն է։ Ան հերթական անգամ մատնանշեց անցեալ 100 օրերուն ռուս խաղաղապահներու եո Կարմիր խաչի ինքնաշարժներուն անցումը Լաչինի միջանցքով։ Այդ ինքնաշարժներուն թիւը, իր հաշուարկներով, կը գերազանցէ 4700-ը։ Ատրպէյճանի նախագահը զրոյցի ընթացքին պնդեց նաեւ, որ վերջին շաբաթներուն հայկական կողմը կը չարաշահէ Եւրոմիութեան առաքելութեան տեղակայումը, միտումնաւոր կը սրէ իրավիճակը եւ կը խախտէ հրադադարը։ Ալիեւ պնդեց նաեւ, որ պատրաստ է մօտաւոր ապագային ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը, որու թեքստը վերջին առաջարկներով ու փոփոխութիւններով արդէն ներկայացուած է հայկական կողմին։ Ատրպէյճանի նախագահը յիշեցուց, որ Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչները Պաքու այցելելու հրաւէր ստացած են՝ քննարկելու համար համարկման եւ ենթակառուցուածքներու վերաբերեալ հարցերը։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը հրապարակեց Հայաստանի մէջ մարդու իրաւանց իրավիճակին վերաբերեալ հերթական զեկոյցը։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այս զեկոյցին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի դէմ անցեալ սեպտեմբերին գործադրուած բռնութեան ընթացքին Ատրպէյճանի զինուորներուն կողմէ թոյլ տրուած վայրագութիւններուն։ Զեկոյցին մէջ մատնանշուեցան այն հաղորդումները, ըստ որոնց սեպտեմբերի հակամարտութեան ընթացքին Ատրպէյճանի զօրքերը իրականացուցած են ապօրինի սպանութիւններ, դաժան եւ անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկած են հայ զինուորները։